ԼՈՆՏՈՆ.- Քիւրտիստանի ազգային խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ յատկանշականօրէն Տինք սպաննուած է այն միջոցին, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը քննէին հիւսիսային Իրաքի քրտական պետութեան դէմ զինուորական գործողութեան մը դիմելու կարելիութիւնները, աւելցնելով, թէ Տինքի սպանութիւնը հետեւանք էր Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան, բանակին ու դատական համակարգին կողմէ առաջ մղուող հալածանքին:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ կ’ըլլայ Եւրոպական միութեան, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան նախապայմաններէն մէկը դարձնէ աւելի քան 2000 քիւրտ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ թրքական բանակին կողմէ հրկիզուած աւելի քան 4000 քրտական գիւղերու երկու միլիոն բնակչութեան վերադարձը:
Խորհուրդը նաեւ կը գրէ. «Մինչեւ այն ատեն, որ Թուրքիա չի ճանչնար Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու ներկայիս իր սահմաններէն ներս ապրող 25 միլիոն քիւրտերու մշակութային եւ քաղաքացիական իրաւունքները, Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք չէ շարունակուին»:
Կը շեշտուի նաեւ, թէ մինչեւ այն ատեն, որ Եւրոմիութիւնը տեղի կու տայ Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ կը վախնայ Հայկական Ցեղասպանութեան կամ քիւրտերու իրաւունքներուն մասին արտայայտուելէ, ապա թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Եւրոպայի հարցերը պիտի չլուծուին: