ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Թուրքիոյ զինուորական ուժերը քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ յատկապէս հիւսիսային Իրաքի սահմանին մօտ իրենց գործունէութիւնը կ’աշխուժացնէին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 12ին դարձեալ յայտարարեց, թէ որոշած է «միակողմանի զինադադար» հաստատել, առիթ ընծայելու համար քրտական տագնապը բանակցութեանց ճամբով լուծելու ընտրանքին:
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, թէ քիւրտ յեղափոխականներուն յանձնարարուած է կրակ բանալ միայն ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները միշտ անտեսած են նման կոչեր, նախընտրելով քրտական տագնապը զինուորական գործողութիւններով «լուծել»:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան նաեւ յայտարարեց, թէ քիւրտ անջատողականներուն դէմ պայքարը ներկայիս միայն Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կը կատարուի, հերքելով այն տեղեկութիւնները, թէ թուրք զինուորներ Իրաքի սահմանը խախտած են: «Իրաքի մէջ 500 ահաբեկիչներ կան, մինչ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս անոնց թիւը 5000 է», յայտարարեց ան, աւելցնելով, թէ նախ պէտք է Թուրքիոյ սահմաններէն ներս վերջ դնել «ահաբեկչութեան»:
Իր կարգին, ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի օր կոչ ըրաւ Թուրքիոյ, որ քրտական հարցին նկատմամբ «առաւելագոյն զսպուածութիւնը» ցուցաբերէ: