ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ հիւսիսային Իրաքի սահմանին վրայ թրքական ուժերուն կուտակումը կը շարունակուի, շրջանին մէջ ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յեղափոխականներու ներկայացուցիչ մը՝ Ապտուլ Ռահման Չատըրճի Երեքշաբթի, Յուլիս 17ին յայտարարեց, թէ հիւսիսային Իրաք ներխուժելու թրքական որեւէ փորձ «ռազմագիտական սխալ» մը պիտի ըլլայ եւ դարձեալ կոչ ըրաւ Անգարայի, որ ընդունի քրտական տագնապը երկխօսութեամբ լուծելու քրտական կոչերը:
Ան յայտնեց, թէ թրքական ներխուժում մը ոչ միայն պատճառ պիտի դառնայ շրջանի բոլոր քիւրտերուն միացեալ ճակատ կազմելուն, այլ նաեւ թրքական բանակը դէմ յանդիման պիտի հանէ ամերիկացի զինուորներուն:
Ըստ Չատըրճիի, թրքական ներխուժում մը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար: Ան միաժամանակ յայտնեց, թէ մեծ յոյսեր չունի, որ Թուրքիա քաղաքական կամքը ունի քրտական տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու:
Թրքական աղբիւրներու համաձայն, Իրաքի սահմանակից շրջաններուն մէջ ներկայիս 200,000 թուրք զինուորներ հաստատուած են, ինչ որ աննախընթաց թիւ մըն է:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, Երեքշաբթի օր երկու թուրք զինուորներ եւս սպաննուեցան քիւրտ անջատողականներու հետ զինեալ ընդհարումի մը ընթացքին: