ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 23-24ին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի երաժշտական արուեստի խնդիրներուն եւ ոլորտի զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան ոլորտը կազմակերպող եւ կարգաւորող մասնագէտներ:
Խորհրդաժողովի բացման ընթացքին նախագահի խորհրդական, նախագահին առընթեր մշակոյթի հարցերու խորհուրդի համակարգող Սէյրան Աւագեան ըսաւ, որ այս քննարկումները հնարաւորութիւն կու տան արծարծելու այն բոլոր յուզող եւ գերակայ խնդիրները, որոնք մեծ նշանակութիւն ունին երաժշտական արուեստի ոլորտի զարգացման գործին մէջ:
Ի դէպ, այս մէկը 5րդ խորհրդաժողովն է մշակոյթի ոլորտի մէջ. կազմակերպուած են նաեւ հաւաքներ գրողներու, կերպարուեստի, շարժանկարի եւ թատերական ոլորտներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ըստ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, համաժողովի սուր քննարկումներու արդիւնքները պիտի ընդգրկուին մշակութային ոլորտի զարգացման ռազմավարական ծրագիրին մէջ:
Հայաստանի երաժշտահաններու եւ երաժիշտներու միութեան նախագահ Ռոպերթ Ամիրխանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ոլորտի ոչ պատշաճ քարոզչութեան՝ նշելով, որ հանրութիւնը գրեթէ անտեղեակ է յատկապէս ժամանակակից երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններուն:
Երեւանի պետական երաժշտանոցի դասախօս Մհեր Նաւոյեանի դիտարկմամբ, հայ միջնադարեան արհեստավարժ երգարուեստի ոլորտին մէջ եւս ընելիքները շատ են, քանի որ երգարուեստի այս ուղղութիւնը կը պահանջէ անարատ, մաքուր երաժշտական կատարում՝ առանց այլեւայլ ու իւրովի մօտեցումներու:
Քննարկումներ եղան նաեւ ժողովրդական երգերու, երգչախմբային եւ նուագախմբային ոլորտներու, նաեւ երաժշտական կրթութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ: Այս ոլորտներու բանախօսները եւս համակարծիք էին, որ երաժշտարուեստի զարգացման համար նախ հարկաւոր են համապատասխան միջոցներ, պետական հոգածութիւն, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ քարոզչութիւն հասարակութեան լայն շրջանակներուն մէջ:
Յաջորդ նման հանդիպումը նախատեսուած է ճարտարապետներուն հետ: