
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին առաջնորդութեամբ կազմուեցաւ Save Karabakh համախմբումը, Քոնկրեսին մէջ, Արցախը շրջափակելու՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւին շրջանառութեան մէջ դրուելուն զուգահեռ։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենեպետներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Էտըմ Շիֆ, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Պրետ Շըրմըն ներկայացուցած էին բանաձեւ մը, իսկ Save Karabakh համախմբումին կազմութեան մասին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Քոնկրեսի շէնքին առջեւ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին քոնկրեսականներ Շըրմըն, Վալատաօ, Պարպարա Լի, Ճուտի Չու, Լու Քորէա, Ճիմ Քոսթա եւ Նիքոլ Մալիոթաքիս, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութեան հարցերու նախկին դեսպան, ծերակուտական Սեմ Պրաունպեք, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոբերթ Աւետիսեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ու համախմբումի անդամ շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մասնաւորապէս՝ Միջազգային եւ կառավարական հարցերու անկլիքան գրասենեակէն, Պարոնուհի Քերըլայն Քոքսի հիմնած HART կազմապերպութենէն, Խոցելի ժողովուրդներու նախագիծէն, Genocide Watch-էն, Յունաամերիկեան խորհուրդէն եւ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնենէն: Համախմբումին միացած կազմակերպութիւններու թիւը կը հասնի 20ի:
Ելոյթ ունեցողները կոչ ըրին՝ անմիջապէս կասեցնելու Արցախի պաշարումը եւ Արցախի ժողովուրդը իր հայրենիքէն տարագրելու՝ Ալիեւի վարչակազմին ջանքերը, աջակցելու արցախահայութեան, դատապարտելու Ատրպէյճանի անմարդկային պաշարումը եւ հետաքննելու Ատրպէյճանի գործած պատերազմական ոճիրները, դադրեցնելու Պաքուի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները եւ պատժական քայլեր առնելու պատերազմական ոճիրներ գործած ատրպէյճանցի պաշտօնատարներուն դէմ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ այժմ հայ եւ հայութեան զօրակից ամերիկացիները պէտք է ոտքի կանգնին եւ լսելի դարձնեն իրենց ձայնը: