
ՀԱՅ ԴԱՏԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց շարք մը քոնկրեսականներու կողմէ ներկայացուած 2024ի պաշտպանութեան ամավարկին յաւելուածները, որոնք պատժամիջոցներ կը պահանջեն Արցախը շրջափակող Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ եւ կ՛առաջարկեն նպաստել պաշարումին վերջ տալու ջանքերուն։
Յաւելուածները ներկայացուեցան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Էտըմ Շիֆի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի, ինչպէս նաեւ Պրետ Շըրմընի եւ Նիքոլ Մալիոթաքիսի կողմէ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ բոլոր քոնկրեսականներուն, որ նեցուկ կանգնին հետեւեալ յաւելաւածներուն.
– Թիւ 258 եւ 263 յաւելուածները (Շըրմըն) կը պահանջէ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները, յատկապէս որովհետեւ անոնք կ՛օգտագործուին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ.
– Թիւ 272 յաւելուածը (Փալոն, Պիլիրաքիս, Շիֆ, Վալատաօ եւ Մալիոթաքիս) կը պահանջէ կասեցնել Ատրպէյճանի սահմանապահ, պաշտպանութեան եւ ապահովական ուժերուն տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները.
– Թիւ 285 յաւելուածը (Փալոն, Շիֆ եւ Մալիոթաքիս) կը պահանջէ մէկ միլիոն տոլար յատկացնել Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ապօրինի պաշարումին վերջ մը դնելու եւ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու ջանքերուն։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան կոչ ըրաւ բոլոր ծերակուտականներուն, որ կասեցնեն արտաքին գործոց նախարարութեան բոլոր նշանակումները հաստատելու աշխատանքները, մինչեւ այն ատեն, որ նախագահ Պայտընի վարչակազմը կտրուկ քայլերու չէ դիմած վերջ մը դնելու համար Արցախի պաշարումին եւ յատկանշական մարդասիրական աջակցութիւն չէ տրամադրած Արցախի ժողովուրդին։