Հինգշաբթի օր, Քալիֆորնիոյ 29րդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ (Դ.) յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հ.Ե.Դ.ի եւ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի կազմակերպած հացադուլին, յոյս յայտնելով, որ ներկայ Քոնկրէսը ի վերջոյ կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Հացադուլին նպատակն է բողոքել Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ թրքական ուրացման քաղաքականութեան դէմ:
Շիֆ իր յայտարարութեան մէջ կ’ըսէ. «Կը կանգնիմ Հ.Ե.Դ.ի եւ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի անդամներուն կողքին, որոնք Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց իրենց կազմակերպած հացադուլի միջոցով կը ձգտին հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը բեւեռել Ցեղասպանութեան վրայ: Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 9 տասնամեակ առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Մենք եւս, իբրեւ պետութիւն, պէտք է ճանչնանք Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ես շուտով բանաձեւ մը պիտի ներկայացնեմ Ներկայացուցիչներու տան, որ կ’ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան զոհերը եւ պիտի պաշտօնականանայ Քոնկրէսի արձանագրութեամբ: Կը յուսամ, որ Քոնկրէսի նոր ղեկավարութեամբ ի վերջոյ պիտի կարենանք վաւերացնել այս բանաձեւը»: