ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Նոյեմբեր 21ին ընդունեց ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահ-գործադիր քարտուղար Վլատիմիր Ռուշայլոն:
Կողմերը քննեցին յառաջիկային Մինսքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ գերաստիճանի օրակարգին կապուած հարցեր:
Վլատիմիր Ռուշայլօ Քոչարեանին տեղեկութիւններ հաղորդեց ԱՊՀէն ներս արձանագրուող զարգացումներուն, ԱՊՀ կառոյցներու բարեփոխումներուն գծով առաջարկներուն վերաբերեալ:
Նոյն օրը, Ռոշայլօ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի կողմէ:
Վ. Ռուշայլօ վարչապետ Մարգարեանին տեղեկացուց Մինսքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ նախագահներու եւ վարչապետներու խորհուրդներու հերթական նիստերու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին: Նոյեմբեր 24ին ԱՊՀ վարչապետներու նիստին, ըստ Ռուշայլոյի, պիտի քննարկուին օրակարգին մէջ ներառնուած 24 որոշումներու նախագիծեր եւ այլ փաստաթուղթեր: ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահը վարչապետին փոխանցեց նաեւ նիստի օրակարգի հարցերուն վերաբերեալ ԱՊՀ անդամ շարք մը պետութիւններու կողմէ ներկայացուած առաջարկները:
Հանդիպման ժամանակ կողմերը քննեցին նաեւ ԱՊՀ բարեփոխումներուն կապուած հարցեր: