ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Յուլիս 12ին Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հիւրընկալեց Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Նախագահներու հանդիպումը տեւեց մօտ մէկ ժամ:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները քննեցին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն առնչուող խնդիրներու լայն ծիր: Երկու երկիրները մեծապէս շահագրգռուած են տնտեսական կապերու ամրապնդումով եւ խթանումով: Նախագահները կարեւոր նկատեցին յատկապէս պաշտպանական բնագաւառին մէջ հետագայ գործակցութիւնը: Հանդիպման ընթացքին, Քոչարեան եւ Սարքոզի անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն:
«Վերահաստատուեցին այն բոլոր նպատակները, որոնք մենք ունեցել ենք անցեալում եւ փորձել ենք նախանշել նոր ուղղութիւնները համագործակցութիւնը խորացնելու համար: Շատ յստակ եւ իրապաշտ քննարկում էր, ես գոհ եմ ե՛ւ բովանդակութիւնից, եւ հանդիպման մթնոլորտից: Մեր շփումները շարունակուելու են նաեւ մօտակայ ժամանակներում», հանդիպումէն յետոյ յայտարարեց նախագահ Քոչարեան:
Նոյն օրը Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ, Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունեց նաեւ ԱԺ նախագահ Պեռնար Աքուայէն: