ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յունուարի վերջին օրերուն Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի այցելէ Սոչի, ուր պիտի տեսակցի Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննեն երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական գործակցութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները: Մասնաւորապէս, պիտի քննուին գործակցութեան հարցերը ուժանիւթի ոլորտին մէջ, հայ-ռուսական առեւտրական շրջանառութեան թափ տալու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ռուսական ներդրումներու հարցը:
Երկու երկիրներու նախագահները պիտի անդրադառնան նաեւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցերուն՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլին, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: