ՔՈՒԻԹՕ, «Ռոյթըրզ».- Նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ Էքուատոր պիտի միանայ լատին ամերիկեան երկիրներու ձախակողմեան ակումբին, որուն արդէն մաս կը կազմեն Պոլիվիա, Պրազիլ, Արժանթին, Չիլի, Վենեզուէլլա եւ Քուպա։
Արդարեւ, Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ ցարդ համրուած քուէներուն համաձայն, Ուաշինկթընը մտահոգող թեկնածուն՝ Ռաֆայէլ Քորրէա, ստացած է մրցակիցին՝ «պանանի միլիառատէր» Ալվարօ Նոպոայի ստացած ձայներուն գրեթէ կրկնապատիկը։ Ըստ Երեքշաբթի օրուան տուեալներուն, Քորրէա ապահոված է քուէներուն 57 տոկոսը:
«Այս յաղթանակը կ՚ընդունինք լրջախոհութեամբ եւ համեստօրէն։ Երբ նախագահական պաշտօնը ստանձնենք, Էքուատորի ժողովուրդը ինք պիտի ըլլայ զայն ստանձնողը», ըսաւ Քորրէա մամլոյ ասուլիսի մը մէջ։
Հարցազրոյցի մը մէջ ան ըսաւ, որ Վենեզուելլայի նախագահ Հուկօ Չաւէզ իր մտերիմ բարեկամն է, «բայց իմ տանս մէջ տնօրինումները բարեկամներս չեն ըներ, ե՛ս կ՚ընեմ։ Էքուատորի մէջ անհրաժեշտ տնօրինումները էքուատորցիք պիտի կատարեն», աւելցուց ան։
Այսուհանդերձ, Քորրէա յոյս յայտնեց, որ «շատ, շատ աւելի» մօտենայ Չաւէզի, եւ նոյնպէս սերտ յարաբերութիւններ մշակէ ցամաքամասի միւս ձախակողմեան նախագահներուն (Չիլիի՝ Միշէլ Պաշըլէի, Արժանթինի՝ Նեսթոր Քիրշնէրի եւ Պրազիլի՝ Լուիս Իկնասիօ Լուլա Տա Սիլվայի) հետ։
Ան նոյնիսկ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտ յարաբերութիւններ ունենալու Ուաշինկթընի հետ, պայմանաւ որ նախագահ Ճորճ Պուշ Էքուատորի այս ճիգը արդարացնող պատճառներ տայ։
Քորրէայի մրցակիցը՝ Նոպոա, մերժեց ընդունիլ իր պարտութիւնը՝ ընդգծելով, որ պէտք է սպասել վերջնական արդիւնքներուն։ Ան քաղաքական հաւաքի մը ընթացքին ըսաւ, որ ընտրական զեղծարարութեան կասկածներ ունի, եւ կրնայ գերագոյն ատեանէն քուէահամարի ստուգում պահանջել։
Նկարին մէջ, Քորրէա կը պատասխանէ լրագրողներու հարցումներուն: