Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն տուած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Շաբաթ օր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրի պատուիրակ դեսպան Ժան Քլօտ Քուսրան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանի կացութիւնը եւ այս ծիրին մէջ ֆրանսական շարժումը։
Հանդիպումէն ետք Յովիկ Մխիթարեան ըսաւ. «Կ՚ողջունենք զանազան կողմերէ առաջադրուած բոլոր նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ ֆրանսական պետութեան նախաձեռնութիւնը։ Հանդիպումը լաւ էր եւ անդրադարձանք բոլոր հարցերուն, մասնաւորաբար նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին։ Կը հաստատեմ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումն է սահմանադրութիւնը յարգել իր ոգիով ու բովանդակութեամբ, եւ մենք կը մերժենք հանրապետութեան նախագահ ընտրել խորհրդարանի անդամներուն նուազ քան երկու երրորդին ձայներով»։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան հարցը անցեալին կը պատկանի եւ ներկայիս ուշադրութեան կեդրոն է նախագահութեան թղթածրարը, Մխիթարեան ըսաւ. «Պրն. Քուսրանի հետ խօսեցանք ազգային միասնականութեան կառավարութեան մասին եւ մեր կարծիքով այս կառավարութեան կազմութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մեքանիզմներէն է»։