ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 2ին, Հայաստանի Գրողներու տան կլոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քուրանի արեւելահայերէն առաջին թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Քուրանի թարգմանիչը եւ հրատարակութեան խումբի ղեկավարն է Էտուարտ Հախվերդեան:
Շնորհահանդէսի ընթացքին, Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան յայտարարեց, որ «մեր մտաւորական շրջանակների աշխուժութիւնը եւ հետաքրքրասիրութիւնը վկայում են, որ սոյն գրքի ներկայ թարգմանութիւնը ծանրակշիռ կարեւորութիւն ունի մեր գրական-հասարակական կեանքում» եւ նշեց, որ շնորհահանդէսը կազմակերպուած է Իրանի յեղափոխութեան 28րդ տարեդարձի առթիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող «Այգաբացի տասնօրեակի» ծիրէն ներս:
Քուրանի այս թարգմանութիւնը կատարուած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կեդրոնի աջակցութեամբ եւ թարգմանիչի երեք տարուան քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքն է:
Իրանի դեսպանատան մշակութային կեդրոնի ղեկավար Ռէզա Աթուֆի ընդգծեց Ս. Էջմիածինի, անձամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի բարոյական-հոգեւոր աջակցութիւնը, հայ բազմաթիւ մտաւորականներու, գիտնականներու պարբերաբար մասնակցութիւնը, որոնց շնորհիւ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին մեծ աշխատանք կատարուած է:
Կարդացուեցաւ նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը:
Է. Հախվերդեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր բոլոր գործակիցներուն եւ նշեց, որ ներկայ թարգմանութիւնը, նոյնիսկ եթէ որոշ թերութիւններ ունի, ամենաճշգրիտն ու ամենամատչելին է:
Մինչ ներկայ հրատարակութիւնը, Քուրանը ժամանակին թարգմանուած է արեւտմահայերէն, եւ Երեւանի մատենադարանին մէջ կը պահուին տարբեր ձեռագիր օրինակներ: Առաջին անգամ ան թարգմանուած է 1909ին, ապա վերահրատարակուած է յաջորդ տարին եւ 1912ին:
Շնորհահանդէսը եզրափակեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ալի Ռէզա Հաղիղեան: