ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Յունիս 26էն Յուլիս 15 Վենեզուէլլայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի «Քոփա Ամերիքա»ի 42րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր՝ բաժնուած երեք խմբակի։
Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Ուրուկուէյ, Փերու, Վենեզուէլլա եւ Պոլիվիա. Բ. խմբակին՝ Էքուատոր, Չիլի, Պրազիլ եւ Մեքսիքա, իսկ Գ. խմբակին՝ Փարակուէյ, Քոլոմպիա, Արժանթին եւ Միացեալ Նահանգներ։
Գ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին ամէնէն աւելի շատ բարձրացուցած է բաժակը՝ 11 անգամ։ Ուրուկուէյ 10 անգամ տիրացած է անոր, իսկ Պրազիլ՝ 7 անգամ։ Փերու եւ Փարակուէյ երկուքական անգամ տիրացած են բաժակին, իսկ Պոլիվիա եւ Քոլոմպիա՝ մէկական անգամ, Վենեզուէլլա, Էքուատոր եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն առաջին անգամ ըլլալով տիրանալ տիտղոսին։