Վերջապէս հասաւ Օգոստոս ամիսը՝ արձակուրդի եւ հանգիստի ամիսը: Արձակուրդի ու հանգիստի մեկնելէն առաջ նաեւ կը փափաքինք շատ աւելի սիրուն եւ տարբեր ու հանգիստ տեսք ունենալ այդ միջոցին: Նորաձեւութենէն դուրս չէք ուզեր մնալ եւ իրաւունք ունիք: Շատ յոգնելու ու մտահոգուելու կարիքը չունինք եւ ոչ ալ չափազանց նորաձեւութեան գերին դառնալու պէտքը ունինք: Յիշենք, որ սիրուն երեւնալու համար ինքնավստահ ու խաղաղ ըլլալը ամէնէն կարեւորն է: Ասոր կողքին կ’առաջարկենք կարգ մը խորհուրդներ եւ միշտ դիմեցէք պարզին, գեղեցիկին, կարեւորին ու գործնականին:
Այսպէս սակայն նկատելի է երբեմն, որ կարգ մը կիներու համար չափազանց անտեսուած է ճամբորդական օրերու հագուածքը: Այդ մէկն ալ հաճելի չէ: Գտէք միջին եզրը, եւ հաւանաբար այս խորհուրդները կը նպաստեն: Անշուշտ, շատ կարեւոր է արձակուրդի վայրին յարմարիլը: Վայրը իր հիմնական խօսքը ունի տարազի ընտրութեան համար: Արկածախնդրական ճամբորդութեան մը համար շատ կոկիկ ու նուրբ հագուածքը անկարելիութիւն է: Անոր կողքին արձակուրդի ընթացքին համերգի մը ներկայ գտնուիլը թափթփած շորթով կրկին անյարմար է:
Ճամբորդած միջոցին թոյլ բաներ հագուեցէք: Խուսափեցէք ճինզէ, բարձր կրունկէ եւ ամէն բանէ, որ ձեր մարմինը կը ճնշէ:
Թեթեւ ամառնային սանտալներ եւ մարզական կօշիկներ ու թոյլ տարազներ հագուեցէք ճամբորդութեան միջոցին:
Ձեր այցելած վայրին համաձայն կամ այդ վայրը խորհրդանշող բան մը հագուեցէք:
Ձեր գլխարկները նախապէս պատրաստեցէք: Վերջին վայրկեանին օդակայանի մէջ ընտրուած գլխարկը վստահաբար միշտ ճիշդ ընտրութիւն պիտի չըլլայ: Հապճեպով եղած բանին մի վստահիք, այլապէս պատկերներուն մէջ միշտ պիտի յիշէք այդ տաղտուկը:
Ձեր հետ ունեցէք մարմինը ծածկող pashmina կապոցներէն: Անոնք զանազան հագուածքի սխալները կը ծածկեն եւ նաեւ սիրուն տեսք մը կը պարգեւեն: Արեւու ակնոցները եւս լաւ դերակատարութիւն ունին այս իմաստով: Ճամբորդութենէ սպառած աչքերը եւ յոգնած երեւոյթը ակնոցի միջոցաւ կը չքանան:
Ձեր ընտրած հագուստին կերպասը նաեւ հանգիստ պէտք է պարգեւէ ձեզի: Առաձգական կերպասներով պատրաստուած շատ սիրուն ու յարմարաւէտ հագուածք որդեգրեցէք եւ ըստ այնմ ճամբայ ելէք: Անշուշտ քաջալերելի չէ միշտ կատարեալ մարզական երեւոյթով ըլլալը:
Ճամբորդութեան ժամանակ շատ սեւ գոյնին մի վստահիք: Այս ըսելով նաեւ կը շեշտենք պաշտօնականութեան համար անպայման սեւ գոյնի երկու կտոր ունեցէք ձեր հետ: Սեւ տաբատ մը ու սեւ հագուստ մը: Անշուշտ այս երկուքին հետ միասին յարմարող յարակից մասերը եւ զարդեղէնի բաժինը:
Ձեր մազերը լաւ հոգատարութեան կարիքը ունին: Ամբողջ օրը երեխաներուն համար վազվզելէ ետք, Եւրոպա մեկնելէն առաջ ձեր մազերը լաւ խնամեցէք ու այդպէս ճամբայ ելէք: Highlight կրնաք ընել եւ կամ կատարեալ շիտակ պահել զանոնք, ըստ ձեր հագուածքին ու այցելած վայրին:
Գիշերային եւ լուրջ առիթները մի մոռնաք: Ինչպիսի ճամբորդութեան համար ալ որ կը մեկնիք, անպայման ձեր հետ ունեցէք գիշերային կռնակը բաց հագուստ մը, լաւ անուշահոտ մը, բարձր ու բարակ կրունկով սանտալ մը, ականջի աչքառու զոյգ մը օղ եւ ամէն ինչ, որ պիտի օգտագործէք պաշտօնական առիթի մը մեկնելէն առաջ:
Այս բոլորը պիտի պատրաստեն ձեզ ֆիզիքական իմաստով, սակայն հոգեպէս դուք ձեզ պատրաստելը ամէնէն կարեւորն է: Մանաւանդ նախքան մեկնիլը ամբողջութեամբ դրական մօտեցում ունեցէք ճամբորդութեան նկատմամբ եւ դէպի լաւը պատրաստուեցէք: Անակնկալներու պարագային, որոնք անախորժ կրնան ըլլալ, հանդարտութեամբ վերաբերեցէք եւ «ամէն ինչ խանգարուեցաւ»ի հոգեբանութեամբ երբեք մի դետէք հարցերը: Իւրաքանչիւր դէպք նոյնիսկ եթէ անախորժ է, իր դաստիարակիչ կողմը ունի: Անոր վրայ կեդրոնացէք ու հարցը լուծելով անցէք ձեր հաճոյքի օրերուն եւ ժամերուն, որուն համար սպասած էք ամբողջ տարի մը եւ ահագին դրամ ծախսած էք, որ այդ օրերը նպաստեն ձեր երջանկութեան ու հանգիստին:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Բանջարեղէնները Փուռին Մէջ
4 serving
1/4 գաւաթ կարկանդակի փոշի
1 ա. դգալ փարմըժան պանիր
1/8 թ. դգալ paprika
2 գաւաթ 1/4ինչ հաստութեամբ զուքինիի շերտեր, սոխի կլոր շերտեր կամ ծաղկակաղամբ
2 ա. դգալ իտալական աղցանի թացան
Պատրաստութիւն
Ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփեցէք ու մէկ կողմ դրէք:
Ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք կարկանդակի փոշին, պանիրը եւ paprika-ն:
Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ դրէք բանջարեղէնները ու վրան ցանեցէք աղցանին թացանը ու լաւ մը թօթուեցէք: Ապա բանջարեղէնները դարձուցէք փոշիի խառնուրդին մէջ եւ քով-քովի զետեղեցէք իւղոտած ափսէին մէջ:
Եփեցէք բանջարեղէնները 450 F աստիճանով, մօտաւորապէս 9-11 վայրկեան կամ մինչեւ ոսկեգոյն դառնալը:
Սննդագիտական
51 ջերմուժ, 2 կրամ իւղ, 2 միլիկրամ քոլեսթերոլ, 79 միլիկրամ սոտիում, 7 կրամ շաքարեղէն, 2 կրամ փրոթին: