ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 26ը յայտարարուած էր Սեւանայ լիճի օր: Այս օրը բնապահպանութեան նախարարութեան որոշումով կը նշուի 1999էն ի վեր:
Սեւանայ լիճի պահպանութեան ուղղութեամբ վերջին տարիներուն կը գործադրուին լայնածաւալ նախաձեռնութիւններ:
Վերջին տարիներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն սկսաւ յատկացուիլ լիճի բնապահպանական մաքրութեան:
Յուլիսի չափումներով, Սեւանայ լիճի միջին մակարդակը 1898.99 մեթր է: 2005ի Յուլիսին, լիճի միջին մակարդակը եղած է 1898.94 մեթր: Լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով բաւական մեծ տարածութեամբ անտառներ մնացած են ջուրի տակ եւ բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ ձեռք առնուած են միջոցներ՝ ափամերձ տարածքի ծառերը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ: Կը նախատեսուի այդ անտառները վերականգնել աւելի բարձրադիր վայրերու մէջ, քանի որ անոնք շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին լիճի ջուրի համար:
1983ին Սեւանայ լիճի ձուկի պաշարները գնահատուած էին շուրջ 11,000 թոնով, իսկ 1988-90ին այդ ցուցանիշը բարձրացած էր մինչեւ 30,000 թոնի, բայց 2005ին ձուկի պաշարները կազմած են ընդամէնը 625 թոն, այսինքն՝ պակսած են շուրջ 17 անգամ: Իբրեւ լուծում այս խնդիրին՝ պարբերաբար մանրաձուկեր կը լեցուին լիճ:
Նշենք, որ Սեւանը կը գտնուի ծովի մակարդակէն 1900 մեթր բարձրութեան վրայ, լիճի տարածքը 1240 քառակուսի քիլոմեթր է, խորութիւնը՝ մինչեւ 83 մեթր: Լիճ կը թափուին 28 գետեր եւ լիճէն սկիզբ կ’առնէ Հրազդան գետը: Սեւանայ լիճի հիմնական ձկնատեսակներն են իշխանը՝ իր 4 տեսակներով, կողակը, Սեւանի բեղաձուկը կամ բեղլուն: