Պտուղի խիւսեր (smoothies)
Ուղեղը արթուն պահելու, մկանները կայտառ ձգելու եւ միաժամանակ սիրտը առողջ պահելու համար ձեր blender-ը թող յաճախ աշխատի:
Ահաւասիկ քանի մը առաջարկներ.-
Ուղեղին համար
Հապալասը (blueberry) ճանչցուած է իր չափազանց օգտակար յատկանիշներով, յատկապէս ուղեղին ու յիշողութեան թարմացումին համար:
1/2 գաւաթ թարմ կամ սառած հապալաս
1/2 գաւաթ թարմ կամ սաոած արքայամորի (raspberry)
1 գաւաթ արքայախնձոր (pineapple»
1/2 գաւաթ նուազ իւղոտ վանիլա մածուն
1 գաւաթ սառ
Հատապտուղներու (berry-berry) հաւաքածոյ
Այս մէկը չափազանց հարուստ է antioxidant-ներով:
1/2 գաւաթ սառած, առանց շաքարի արքայամորի
1/2 գաւաթ սառած, առանց շաքարի ելակ
3/4 գաւաթ առանց շաքարի արքայախնձորի հիւթ
1 գաւաթ soy կաթ կամ 1% իւղ պարունակող կաթ
Յիշողութեան նպաստող
Այս խիւսը շատ կը նպաստէ յիշողութեան թարմացումին: Հապալասը յատկապէս իր մէջ կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կրնան կանխարգիլել աչքի քաթարաքթը, քաղցկեղը, պնդութիւնը եւ մանաւանդ յիշողութեան կորուստը:
1/2 գաւաթ նարինջի հիւթ
1 փայնթ վանիլա սառած մածուն
2 1/2 գաւաթ շերտուած դեղձ
3/4 գաւաթ թարմ կամ սառած հապալաս
Սրտի օգտակար խիւս
1 հատ պանան
1/2 գաւաթ արքայամորի
1 ա. դգալ պիստակի կարագ (peanut butter)
1/2 գաւաթ առանց իւղի տուրմով սառած մածուն
1 գաւաթ առանց իւղի կաթ
Ուղեղի աշխատանքին համար
Այս մէկը կը նպաստէ ուղեղին մէջ որոշ քիմիական նիւթերու զարթնումին:
1 գաւաթ կաթ
2 ա. դգալ սառած եւ խտացուած նարինջի հիւթ
1 գաւաթ ելակ
1 հատ քիուի (kiwi)
Մարսողութեան եւ դիմադրողականութեան համար
Մածունը կը նպաստէ մարսողութեան, մինչ մանկոն՝ դիմադրողականութեան բարձրացման:
1/2 գաւաթ առանց կուտի կեռաս
1 գաւաթ մանկօ
1/2 գաւաթ նուազ իւղոտ վանիլա մածուն
1 գաւաթ արքայախնձոր
1 գաւաթ սառ
Տրամադրութեան համար
Բոլոր պտուղներու խիւսերը կը բարձրացնեն սիրոթոնինի մակարդակը, առաւել, կրնաք անոնց վրան ափ մը կտաւատի հունտ աւելցնել, որպէս յաւելեալ տրամադրութիւն բարձրացնող:
1/2 գաւաթ թարմ կամ սառած հապալաս
1/2 գաւաթ թարմ կամ սառած մանկօ
1 գաւաթ արքայախնձոր
1 գաւաթ սառ
Լաւագոյն նախաճաշը
Նոյնիսկ… ամէնէն արագը
1 հատ պանան
1 հատ դեղձ
1/4 գաւաթ նարինջի հիւթ
1 գաւաթ սառ