ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոմիութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն պաշտպանեց այն կարծիքը, թէ Պոլսոյ Յունաց պատրիարքարանը ու պատրիարքը պէտք է կարենան ազատօրէն գործածել «Էքիւմենիք» տիտղոսը։ Ան այս կարծիքը յայտնեց՝ պատասխանելով Եւրոխորհրդարանի յոյն երեսփոխան Անթոնիոս Թրաքաթէլիասի մէկ հարցումին:
Ռէն իր պատասխանին մէջ դիտել տուաւ, որ Եւրոյանձնաժողովը ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերող հարցերուն:
Ռէն շեշտեց, թէ Եւրոմիութենէն պահանջուած չափանիշներու համաձայն Թուրքիա նաեւ պէտք է ճանչնայ ոչ-իսլամներու կրօնական հաստատութիւններու իրաւունքները։