Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց երրորդ դիրքը գրաւած Սինան Օղան իր աջակցութիւնը յայտնեց Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին` իր աջակիցներուն կոչ ուղղելով երկրորդ փուլին իրենց քուէն տալու նախագահին:
Արմատներով ատրպէյճանցի եւ ծայրայեղ ազգայնական հայեացքներով ծանօթ Օղան Մայիս 14ին տեղի ունեցած ընտրութեանց ստացած էր քուէներու 5.2 առ հարիւրը:
Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Մենք երկու թեկնածուներուն հետ ալ հանդիպումներ ունեցած ենք, կ՛ուզենք ընդգծել, որ որոշումը չէ կայացած որեւէ գործարքի ծիրին մէջ: Ընդդիմութեան ժողովրդական դաշինքը չկրցաւ համոզել մեզ»:
Ան իր արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Թուրքիայէն քանի մը միլիոն անօրինական գաղթականներու վտարումը, ինչպէս նաեւ «ահաբեկչական» բոլոր խմբաւորումներուն դէմ պայքարի շարունակութիւնը:
Մայիս 28ին տեղի ունենալիք Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց երկրորդ փուլին հասան Էրտողան եւ Ժողովրդային հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար, ընդդիմութեան միացեալ թեկնածու Քեմալ Քըլըճտարօղլու: