Ո՞վ էր Օննիկ (Օհաննէս) Ինճէյեան։
Ազգային հաւատաւոր գործի՞չ մը, Հայ Դատի մշտարթուն զինուո՞ր, սիրուած հրապարակագի՞ր, ընտանիքի իտէալ հա՞յր ու ամուսի՞ն, համաշխարհային հռչակի հասած լէյզըրային գիտնականի հա՞յր, այդ բոլորը ի մի գումարուած եւ աւելի՛ն… Հանգուցեալ Օննիկ Ինճէյեանը հոյակապ մարդ էր, մեծասիրտ, հայրենասէր ու մարդասէր եւ զտարիւն մտաւորական։ Յիսունական թուականներուն, ինքն ու բանաստեղծ-առակագիր կինը՝ Սիրվարդը, Սիմոն Սիմոնեանի հիմնած «Սփիւռք» անկախ շաբաթաթերթի շուրջ բոլորուելով, սատարեցին գրական մշակութային հայատրոփ մթնոլորտի զարգացումին եւ հայկական հողերու պահանջատիրութեան։ Այդ տարիներուն Ինճէյեաններուն Պէյրութի բնակարանը եւ գիւղի իրենց այգին մէյ-մէկ «Վերնատուն» կը դառնար պէյրութահայ մտաւորականութեան։
Այո, իսկապէս ո՞վ էր խոնարհ այս հերոսը։
Ծնած է Տէնիսզիլի, 1917ին։ Համբարձում ու Մարի Ինճէյեաններու եօթը զաւակներէն երկրորդը։ Փոքր տարիքէն ընտանիքը փոխադրուած է Հալէպ, ուր Օննիկ կ’անցընէ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը։ Հակառակ առաջաւոր ուսանող մը ըլլալու իրողութեան, Օննիկ, ինչպէս իր սերնդակից բախտակիցները, բազմանդամ ընտանիքին նիւթական կարիքներուն սատարելու համար, կանուխէն ստիպուած կ’ըլլայ լքել ուսումնարանը։ Հակառակ իրենց զրկեալ գոյութեան, պատանեկան տարիքին, Օննիկ փայլուն յաջողութիւն ձեռք բերած է մարզական ճիւղի մէջ։ Սուրիական ազգային ախոյեանութեան բազմաթիւ մետալներու արժանանալով։ 1942ին անիկա կը ծանօթանայ Սիրվարդին ու 1949ին կ’ամուսնանան ու Ինճէյեանները կը բախտաւորուին երկու զաւակներով։ Մինչ այդ ուսումնատենչ ու ընթերցասէր Օննիկը իր երիտասարդ կողակիցը կը մղէ բարձրագոյն ուսման։ Իսկ Լիբանան հաստատուելով ինքնաշխատութեամբ մէջտեղ եկած հայրենասէր ու լուսամիտ երիտասարդ Օննիկը կը սկսի աշխատակցիլ Սիմոնեանի «Սփիւռք»ին։
1969ին Ամերիկա կը հաստատուի ու կը դառնայ յաջողակ գործարար։ Մանչը՝ Յակոբ, լէյզըրի համաշխարհային ճանաչումի հասած գիտնական մը ու «Շամլեան» ազգ. վարժարանի գիտական ճիւղը նահանգային ճանաչողութեան հասցնող ծնողա-ուսուցչական կազմին գործունեայ անդամ։ Իսկ դուստրը՝ Մարալ, իրաւաբանական ճիւղին կը հետեւի։
Սիրվարդ Ինճէյեան երկար տարիներ ուսուցչութեամբ կը զբաղի ու առակներու առաջին իր հատորը կը հրատարակէ։ Մինչ Օննիկ կը շարունակէ գաղութահայ մամուլին աշխատակցիլ։
Բնաւ չնախատեսուած պայմաններու տակ պատահեցաւ Օննիկին հետ մեր հանդիպումը։ Ամառները նոյն գիւղի բնակիչ՝ Օննիկին հետ յաճախ նոյն օթոպիւսը կ’առնէինք վեր վար մեր երթեւեկութեան համար։ Տակաւին մօտէն չէինք ճանչնար զիրար։ Օթոպիւսը գրեթէ հայերով լեցուած կ’ըլլար ու լեզուն բերանը դարձող մէկը, գրեթէ գրականի հասնող մաքուր հայերէնով, յաճախ բարձրաձայն կը վիճէր այդ օրուան իր զոհին հետ… Լիբանանի առաջին քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակն էր, ու կաթողիկոսական ընտրութիւնները հայ գաղութը երկփեղկած էին ու կիրքերը սրուած վիճակի մէջ կը պահէին։ Իսկ ճամբորդներս մեր նստարաններէն լուռ կը հետեւէինք զարգացող բանավէճին։
Օր մըն ալ պարոն ճարտասանը իմ մօտս բազմեցաւ։ Ծանօթացանք։ Վերջերս պատահած դէպքի մը պատումը կատարեցի։ Գրասէր 18 տարու տղայ էի, ամբողջովին գիրքերով ու ազգային քաղաքական մեր կեանքով կլանուած։ Իմ նոր ծանօթս հետաքրքրական գտաւ պատմածս։
– Այս դէպքը կրնա՞ս եղածին պէս գրի առնել,- հարց տուաւ ան շեշտով մը, որ ճիզուիթներու ապտակը կերած պատանիիս բաւական ինքնավստահ թուեցաւ,- «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանին պիտի յանձնեմ գրութիւնդ,- շարունակեց ան նոյն համարձակութեամբ։ Յետոյ պիտի իմանայի, թէ ինքն ալ մաս կը կազմէր թերթին խմբագրական կազմին։
Քաջութիւնս հաւաքելով.
– Կը փորձեմ,- ըսի, քանի որ գօտիիս արանքը արդէն Քաջարենցի «Մասիս»ին մէջ երեւցած քանի մը թղթակցութիւններ ունէի։ Սակայն այդ օր Օննիկը պաշտօնապէս զիս կրակը նետեց…
Ի պատիւ այդ օրերուն «Սփիւռք»ի շուրջ բոլորուած մտաւորականութեան ու մասնաւորաբար Սիմոն Սիմոնեանին անշահախնդիր ու գուրգուրոտ վերաբերմունքին, երկոտասան երիտասարդ խոստումնալից գրողներ յայտնուեցան հոն տիրող ջերմ ու խրախուսիչ մթնոլորտին պատճառով։ Հարկ կա՞յ անուններ յիշատակելու… Կը կարծեմ, թէ նորերու երկսեռ խմբակը լիովին արդարացուց իր վրայ դրուած նախորդ սերունդին յոյսերը։
Ակամայ իմ կնքահայրս հանդիսացաւ Օննիկ Ինճէյեան ու մինչեւ մահուան օրը շարունակեց իր անսակարկ սէրն ու եղբայրական գուրգուրոտ վերաբերմունքը։
Հոյակապ անձնաւորութիւն մըն էր, որուն հաւատքն ու մարդկային առաքինութիւնները փոթորկոտ մեր գոյութեան ընթացքին մեզ առաջնորդեցին ինչպէս մշտավառ փարոս։