ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ մէկ կողմէ թուրք քաղաքական անձնաւորութիւններ կը բողոքէին, թէ Եւրոպական միութիւնը անարդար է Թուրքիոյ նկատմամբ, թրքական ատեաններ կը շարունակէին մարդկային իրաւանց տարրական իրաւունքները ոտնակոխել, արդարացնելով Եւրոմիութեան մտավախութիւնները:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին, թրքական ատեան մը որոշեց 18 ամսուան բանտարկութեան դատապարտել քիւրտ կին մը, պարզապէս որովհետեւ ան անցեալ Մարտին Տիարպէքիրի մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտարարած էր. «Օչալան անհերքելի իրականութիւն մըն է այս երկրին պատմութեան մէջ: Լուծում մը պիտի չգտնուի (քրտական տագնապին), եթէ այս իրողութիւնը անտեսուի»:
Ատեանը այս յայտարարութիւնը նկատեց ապօրինի կազմակերպութեան մը (Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան) ի նպաստ կատարուած քարոզչութիւն…: