ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Պրիւքսէլի մէջ Դեկտեմբեր 3-4ին պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, ուր պիտի քննուին ԵԱՀԿ բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Չուղայի խաչքարերու սրբապղծումի հարցը:
Դեկտեմբեր 1ին իր հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին Օսկանեան ըսաւ, թէ Դեկտեմբեր 6ին Սթրազպուրկի մէջ պիտի տեսակցի Եւրոխոհուրդի նախարարներու յանձնաժողովի դիտարկման Ագոյի յանձնախումբի անդամներուն եւ ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Թերի Տէյվիսի հետ, պիտի քննուին Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման հարցերը:
Տէյվիսի հետ հանդիպման ընթացքին, աւելցուց Օսկանեան, պիտի քննուի նաեւ Չուղայի (Նախիջեւան) հայկական խաչքարերու ոչնչացման հարցը: Այս առնչութեամբ նախարար Օսկանեան պիտի արծարծէ Նախիջեւան փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու հարցը:
Դեկտեմբեր 7ին, Պրիւքսէլի մէջ, Օսկանեանի եւ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Եաափ տէ Սխիֆըրի հանդիպման ընթացքին, գնահատական պիտի տրուի Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու իրականացման որակին եւ բովանդակութեան եւ պիտի ճշդուին հետագայ ընելիքները:
Նշենք նաեւ, որ Դեկտեմբեր 8ին նախարար Օսկանեան Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի Հ.Բ.Ը.Մ.ի 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Դեկտեմբերի 17ին նախատեսուած է նախարարի մէկօրեայ աշխատանքային այցը Իրան: