ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Դեկտեմբեր 7ին հանդիպում ունեցաւ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Եաափ տէ Հոփ Սխեֆըրի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննեցին Հայաստան-ՆԱԹՕ գործակցութեան առանցքը հանդիսացող անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի (ԱԳԳԾ) ընթացքը, որուն առաջին երկամեայ փուլը սկսած էր այս տարուան Յունուարին, ինչպէս նաեւ ծրագիրով նախատեսուած այլ քայլեր: