ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Կիպրոսէն մեկնելէն առաջ, անցնող շաբթու ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան «Ա.Էֆ.Փէ.» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ «ծխածածկոյթ» որակեց Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու խառն յանձնախումբ կազմելու թրքական առաջարկը:
Օսկանեան ըսաւ. «Էրտողանի առաջարկը ծխածածկոյթ մըն է», միաժամանակ հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս խառն յանձնախումբ պիտի ակզմուի, երբ երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին: «Այս մէկը («Ա.».- Ցեղասպանութիւնը) քաղաքական հարց է եւ զայն պէտք է շօշափել քաղաքական դիտանկիւնէ», աւելցուց Օսկանեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ քննադատեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը, հակառակ այն փաստին, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով երկիրներ կը ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը: «Մինչ աւելի ու աւելի երկիրներ կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիա, ինչպէս փաստը ցոյց կու տայ, իր ուրացման քաղաքականութեան մէջ աւելի յարձակապաշտ կը դառնայ… Թուրքերը պետական մակարդակով երբեք այսքան կազմակերպուած չեն եղած ուրացման իրենց քաղաքականութիւնը հետապնդելու առումով»:
Օսկանեան նշեց թրքական պատժական օրէնքի այն յօդուածը, որ պատժելի արարք կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ընդունումը եւ աւելցուց, որ տասնեակներով մտաւորականներ դատարան տարուած են պարզապէս անոր համար, որ ակնարկած են Ցեղասպանութեան:
Գալով Ֆրանսական խորհրդարանի քուէարկած օրինագիծին, որ պատժելի արարք կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը, Օսկանեան զայն նկատեց բնական հակազդեցութիւն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան եւ աւելցուց, թէ ինք քիչ յոյս ունի, որ Ուաշինկթըն ճնշում կը բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, տրուած ըլլալով, որ Անգարա ռազմավարական դաշնակից կը նկատուի Ամերիկայի կողմէ:
Օսկանեան ըսաւ նաեւ. «Հայաստան թէ Սփիւռք ապրող իւրաքանչիւր հայու բարոյական պարտաւորութիւնն է յիշել Ցեղասպանութիւնը եւ աշխատիլ անոր ճանաչման ի խնդիր, որովհետեւ կը խորհինք, որ այդ մէկը նուազագոյն հատուցումն է»:
Հատուցման հարցով Օսկանեան ըսաւ. «Այսօր Հայաստան իր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ ունի Ցեղասպանութեան միայն ճանաչումը: Իբրեւ պետութիւն, մենք այդ է, որ կը հետապնդենք», սակայն ընդունեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առումով խոչընդոտ է: Ան ըսաւ. «Ատրպէյճանի հետ Անգարայի անվերապահ զինակցութիւնը եւս կր գործէ Թուրքիոյ դէմ, որովհետեւ կ’ականահարէ իրենց հաւաստիութիւնը եւ կշիռը Կովկասի մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ հանդիսանալու իրենց (թրքական) յաւակնութիւնները»:
Օսկանեան անբաղդատելի նկատեց հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, շեշտելով, որ երկրորդը ծնունդ առած է Խ. Միութեան փլուզումին հետեւանքով, իսկ երրորդը գրաւուած է ՄԱԿի կողմէ ճանչցուած պետութենէ մը:
Գալով Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան, Օսկանեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի համար, Ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման չէ Թուրքիոյ հետ բնական եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալու համար, սակայն Կիպրոսի եւ Հայաստանի պարագաները անդամակցութեան բանակցութիւններուն համար խոչընդոտ են՝ առանց որ Կիպրոս եւ Հայաստան այս հարցով Թուրքիոյ դէմ գործակցին: