ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Յունուար 23ին Մոսկուայի մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը: