ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դատական նոր օրէնսգիրքով (ընդունուած է 2007ի Փետրուարին) Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով սահմանուած են դատաւորի վարքագիծի կանոնները:
Անոնք մշակուած են՝ հաշուի առնելով աշխարհի զարգացած երկիրներու փորձառութիւնները: Յունիս 15ին օրէնսգիրքի քննարկման ժամանակ տնտեսական դատարանի նախագահ Էտուարտ Մուրատեան տեղեկացուց, որ համապատասխան վարքագիծ չցուցաբերելու պարագային, դատաւորի հանդէպ կը կիրարկուի պատժամիջոց՝ մինչեւ լիազօրութիւններու դադրեցում: Վարքագիծի կանոնները խախտելու պարագային, հարցը կը ներկայացուի համապատասխան յանձնաժողովին եւ արդարադատութեան խորհուրդին: Ըստ Է. Մուրատեանի՝ արդէն իսկ արձանագրուած են այդ կանոններու խախտման դէպքեր եւ օրէնքի պահանջին չհետեւող դատաւորները ենթարկուած են պատասխանատուութեան:
Դատական նոր օրէնսգիրքի նորութիւններէն մէկը նախընթացի գաղափարին կիրարկումն է:
Նոր օրէնսգիրքով փոփոխութիւն կատարուած է նաեւ վերաքննութեան համակարգին մէջ, բարձրացած է առաջին ատեանի դատարանի դերը:
Դատական օրէնսգիրքին մէջ բաւական մեծ տեղ յատկացուած է դատական դպրոցին վերաբերող դրոյթներուն: Զուտ գործնական իմաստով, դատական դպրոցի ստեղծումը դրական դեր կ’ունենայ նոր դատաւորներու նշանակման եւ արդէն գործող դատաւորներու վերապատրաստման անհրաժեշտութեան համար:
Դատական նոր օրէնսգիրքը, Է. Մուրատեանի բնորոշմամբ, դատաիրաւական բարեփոխումերու երկրորդ փուլի արդիւնք է: Զայն մշակելու գործընթացին մասնակցած են բոլոր շահագրգիռ գերատեսչութիւններու եւ փաստաբաններու պալատի ներկայացուցիչները: