ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յառաջիկայ քանի մը օրերուն, Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ պիտի հրաւիրուի՝ երկրորդ եւ երրորդ ընթերցմամբ քննելու համար ՀՀ օրհներգին առնչուող օրինագիծը: Այս մասին նշեց վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան՝ Դեկտեմբեր 6ին ԱԺին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
Ըստ վարչապետ Մարգարեանի, օրինագիծը եւ, ընդհանրապէս օրհներգին կապուած բոլոր հարցերը այնքան լուրջ են, որ հնարաւոր չէ արագ ձեւով խնդիրը լուծել. «Իրաւական տեսակէտից մի քանի օր օրհներգ չենք ունենայ, բայց գործնականում մի քանի օրը մեր պետութեան գործունէութեան համար էական նշանակութիւն չի ունենայ», ըսաւ վարչապետը:
Նշենք, որ օրինագիծը կը սահմանէ, որ գործող օրհներգը՝ «Մեր հայրենիքը» ուժի մէջ է մինչեւ նոր օրհներգի բառերը եւ երաժշտութիւնը օրէնքով ընդունիլը: