ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» շարժումը Հինգշաբթի, Յունիս 14ին շարունակեց նահանջել կառավարութիւնը իր հակակշռին տակ առած «Համաս»ի զինեալներուն յառաջխաղացքին դիմաց, երբ Կազա քաղաքին մէջ գտնուող «Ֆաթհ»ի ապահովական ուժերուն երեք կեդրոններէն երկուքը եւս գրաւուեցաւ «Համաս»ի կողմէ:
Հինգշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին առնուազն 20 պաղեստինցիներ եւս սպաննուեցան եւ ականատեսներ յայտնեցին, թէ «Համաս»ի զինեալներ գրաւուած շրջաններէն դուրս բերուած «Ֆաթհ»ի կարգ մը զինեալներ տեղնուտեղը մահապատիժի ենթարկած են:
Վերջին վեց օրերու ընթացքին միջպաղեստինեան բախումները առնուազն 100 զոհ խլած են, պաղեստինեան գլխաւոր երկու կազմակերպութեանց գործակցութեամբ մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ կազմուած ազգային համերաշխութեան կառավարութեան գոյութիւնը հարցականի տակ առնելով:
«Համաս»ի զինեալները աւելի կանուխ գրաւած էին նաեւ հիւսիսային Կազայի մէջ «Ֆաթհ»ի դիրքերը, իսկ Չորեքշաբթի օր անոնք հարաւային Ռաֆահ եւ Խան Եունէս շրջանները եւս իրենց ամբողջական տիրապետութեան տակ առին:
Ապպաս Կազայի բախումները «խելագարութիւն» որակեց եւ կոչ ըրաւ բռնարարքները դադրեցնելու։
«Ֆաթհ» շատ հաւանաբար պաղեստինեան իշխանութեան ներկայ կառավարութենէն պիտի հեռանայ ու Ապպաս Արեւմտեան Ափի մէջ կրնայ արտակարգ կառավարութիւն մը կազմել:
ՄԱԿը, Արաբական լիկան, Եւրոպական միութիւնն ու Ռուսիա կոչ ըրին բախումները անմիջապէս դադրեցնելու, մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ «Համաս»ի արարքները «պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ահաբեկչական արարքներ» որակեց։
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա յայտնեց, որ հատուածական կռիւները պաղեստինեան դատին ծանր հարուած մը հասցուցած են։
ՄԱԿի երկու պաղեստինցի պաշտօնեաներու սպանութենէն ետք ՄԱԿը յայտնեց, որ Կազայի մէջ իր գործունէութեան ծաւալը ժամանակաւորապէս կը նուազեցնէ, մինչ Եւրոպական միութիւնը ամբողջովին կասեցուցած է օժանդակութեանց ծրագիրները, մինչեւ կացութեան կայունացումը: