ՓՈՒԷՐԹՕ ՔԱՊԵԶԱՍ, Նիքարակուա, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, Նիքարակուայի իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ Հոնտուրասն ու Նիքարակուան հարուածող «Ֆելիքս» փոթորիկին հետեւանքով ցարդ մահացած է 40 հոգի, մինչ անհետացած հարիւրաւոր քաղաքացիներուն փնտռտուքը կը շարունակուի:
Նոյն օրը, Հոնտուրասի սահամանապահ ուժերը կրցան փրկել 52 նիքարակուացիներ, որոնց նաւը ընկղմած էր փոթորիկին պատճառով:
Միւս կողմէ, Մեքսիքան հարուածող «Հենիյէթ» փոթորիկը Հինգշաբթի օր զգալիօրէն մեղմացաւ, ինը զոհեր խլելէ ետք այդ երկրին մէջ:
Անցեալ ամսուան ընթացքին «Տին» փոթորիկը 27 զոհ խլած էր Մեքսիքայի եւ Քարաիպեան կղզիներուն մէջ:
Նկարին մէջ, պատանի մը Հոնտուրասի ողողուած թաղերէն մէկուն մէջ: