ՍԻՏՆԻ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին վերջ գտաւ թենիսի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը։ Տղոց աւարտականի մրցումին՝ թիւ մէկ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերէր իր մօտ պահեց տիտղոսը, երբ 7-6, 6-4, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 10րդ դասուած չիլիցի Ֆեռնանտօ Կոնզալէսը։