ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.– Այսօր, Սեպտեմբեր 5ի երեկոյեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հրաւէրով, աշխատանքային կարճ այցով Երեւան կը ժամանէ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորությամբ առաջին քարտուղար Ֆրանսուա Հոլանտի։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Ռընէ Ռուքէ եւ Պրունօ Լը Ռու, կուսակցութեան բանբեր Քարիմ Փաքզատ:
Ֆրանսական պատուիրակութեան կ’ընկերանան նաեւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Ռիշար Անանեան, ինչպէս նաեւ նոյն շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ եւ ֆրանսահայ լրագրողներ:
Սեպտեմբեր 6ին, պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, ՀՀ վարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահի եւ ՀՀ ԱԺ Հ.Յ.Դ.ի եւ այլ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։
Պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 6ի կէսօրուան ժամը 1ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ:
Պատուիրակութիւնը Փարիզ պիտի վերադառնայ Սեպտեմբեր 7ին։