ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի մէջ 94 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց «աղքատներու հայր» եւ կաթողիկէ հոգեւորական հայր Փիեռ, փարիզեան «Վալ տը Կրաս» հիւանդանոցին մէջ։ Հայր Փիեռի մահը մեծ տխրութեամբ համակեց Ֆրանսան եւ բազմաթիւ երկիրներ, ուր ան դարձած էր կարիքաւորներու եւ տնազուրկներու պաշտպանը։