ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12ը պատմական օր մը հանդիսացաւ համայն հայութեան եւ Հայաստանի համար, երբ Ֆրանսայի ժամով առաւօտեան ժամը 11:43ին, Ֆրանսայի խորհրդարանը առաջին ընթերցումով որդեգրեց Ընկերվարական կուսակցութեան առաջարկած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէական յանցանք նկատող օրինագիծը:
Օրինագիծը, որ այժմ պէտք է վաւերացուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ, վաւերացուեցաւ 106 թեր եւ 19 դէմ քուէներով, որովհետեւ իշխող պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններուն մեծ մասը որոշած էր չներկայանալ քննարկման եւ քուէարկութեան, քանզի կուսակցութիւնը այս կապակցութեամբ կեցուածք մը չէր որդեգրած:
Քննարկման ընթացքին առաջին խօսողներէն Ֆրետերիք Տիւթուա յիշեցուց, որ հարցը կարեւոր է յատկապէս Ցեղասպանութեան զոհերու զաւակներուն համար։ Նկատի առնելով, որ ցարդ անպատիժ կը մնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները, Ֆրանսա, իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան երկիր, պէտք է նման օրինագիծ մը վաւերացնէ: «Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ ուրացումը պէտք է պատժուի», եզրակացուց ան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ֆրանսահայ երեսփոխան Փաթրիք Տէվէճեան, որ ըսաւ. «Դժուարութիւններ շատ ունեցանք, բայց ի վերջոյ յաջողեցանք այս օրինագիծը օրակարգի վրայ դնել։ Ճիշդ է, որ բազմատեսակ բանավէճեր ստեղծուեցան այս առթիւ։ Բայց ամէնէն առաջ ըսենք, որ Թուրքիա մեզի տալիք դաս չունի կարծիքի ազատութեան հարցի մէջ, քանի որ այդ երկիրը տակաւին չէ ընդունած 301րդ յօդուածը ջնջել։ Թուրքիա 90 տարիէ ի վեր կը մերժէ Ցեղասպանութիւնը։ 1915էն անմիջապէս ետք Ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտած էր, դատավարութիւններ կատարուած էին, սակայն Թուրքիա այսօր այդ իսկ կ՚ուրանայ», ըսաւ ան։
Տէվէճեան իր խօսքերը աւարտեց, յիշեցնելով, որ ակադեմականները պատժամիջոցէ զերծ պահելու իր առաջարկին շնորհիւ, Ֆրանսայի մէջ կարելի պիտի ըլլայ յառաջ տանիլ ակադեմական պրպտումները։
Տէվէճեան աւելի ուշ տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուց, թէ պէտք է հաստատել, թէ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր մը չէ եւ արժանի չէ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու: «Ան կը փորձէ ակումբի մը անդամակցիլ, որուն ապակիները ինք փշրած է», աւելցուց ան:
Ըստ օրինագիծին, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողը մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութեան ու 45,000 եուրօ տուգանքի պիտի ենթարկուի: Պատիժը նոյնն է հրէական Ողջակիզումը ուրացողներուն պարագային:
Յայտնենք, թէ Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր մը յայտնեց, թէ կառավարութիւնը աշխատանք պիտի տանի բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ ձախողութեան մատնելու համար:
ԹՈՒՐՔԻԱ «ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ»
ԿԸ ԿՈՉԷ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց որոշումը եւ յայտարարեց, թէ այդ քայլը «ծանր հարուած» մը կը հասցնէ Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութեանց:
Եւրոմիութեան հետ բանակցութեանց գլխաւոր պատասխանատու եւ պետական նախարար Ալի Պապաճան եւս յայտարարեց, թէ որոշումը հարուած մըն է արտայայտուելու ազատութեան: «Պատմութիւնը պատմաբաններուն ձգեցէք», աւելցուց ան:
Պապաճան ըսաւ նաեւ, թէ կառավարութիւնը ցարդ որեւէ քայլ չէ նախատեսած ֆրանսական արտադրութիւններ պոյքոթի ենթարկելու հարցով: «Ժամանակը եւ ժողովուրդը պիտի որոշեն ատիկա», ըսաւ ան:
ՕՍԿԱՆԵԱՆ Կ՚ՈՂՉՈՒՆԷ
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- «Ֆրանսայի Ազգային ժողովի այսօրուայ որոշումը բնական շարունակութիւնն էր Ֆրանսայի սկզբունքային եւ վճռական պաշտպանութեանը մարդասիրական եւ պատմական իրաւունքներին եւ արժէքներին», Հոկտեմբեր 12ին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, մեկնաբանելով Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումը:
Այս որոշումը նաեւ բնական արձագանգ էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութեան, աւելցուց Վարդան Օսկանեան:
«Նման որոշում ընդունելը Ֆրանսայի խորհրդարանի ինքնիշխան իրաւունքն է եւ դա հասկանալի է: Մեզ համար անհասկանալին Թուրքիայի կառավարութեան կողմից հասարակութեանը ծայրայեղ հակազդեցութեան հրահրումն է, յատկապէս այն դէպքում, երբ Թուրքիան ինքն օրէնք ունի, որով քրէական պատիժ է սահմանում նրանց նկատմամբ, ովքեր ընդամէնը օգտագործում են ցեղասպանութիւն բառը, կամ համարձակւում են քննարկել այդ իրադարձութիւնները», նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: