Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 23 Յունուարին Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը:
Մաքրոն ու հայ համայնքի ներկայացուցիչները քննարկեցին 12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքներուն:
Թորանեան եւ Փափազեան ողջունեցին Ֆրանսայի նախագահին կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը եւ յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ Ֆրանսա առաւել կ՛աշխուժացնէ իր դերակատարութիւնը Արցախի բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
«Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Փափազեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահին հետ հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկ ժամ, որուն ընթացքին Մաքրոնին ներկայացուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը: Մասնաւորաբար խօսուեցաւ Արցախի շրջափակման մասին, որուն պատճառով 120,000 անձեր կտրուած են աշխարհէն եւ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ մարդասիրական լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը գտնուին։ Փափազեան յայտնեց, որ այս գծով ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնց վերաբերող պատասխաններու կը սպասեն նախագահէն։
Փափազեան նշեց, որ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող սպառնալիքներուն եւ նոր պատերազմի վտանգին: Մաքրոն կիսեց իրենց մտագոհութիւնները պատերազմի վերսկսկման եւ Արցախի շրջափակման վերաբերեալ: