ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին Նոյեմբեր 14ին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Սերժ Սմեսով:
Արարողակարգէն ետք տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կողմերը երկու երկիրներու յարաբերութիւնները գնահատեցին գերազանց:
Ըստ նախագահի, երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը իր արտացոլումը կը գտնէ նաեւ տնտեսութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ: Նախագահ Քոչարեանի խօսքերով՝ վերջին տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւններու տնտեսական բաղադրիչը շատ աւելի բովանդակային է, եւ արդէն ֆրանսական մեծ ընկերութիւններ ներկայացուած են Հայաստանի ենթակառոյցներուն մէջ:
Խօսելով Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան մասին՝ նախագահը յայտնեց, որ Ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն մէջ նախատեսուած հինգ հարիւրէն աւելի ձեռնարկները պատշաճ ձեւով պիտի ներկայացնեն Հայաստանը եւ ֆրանսացիներուն հնարաւորութիւն պիտի տան աւելի մօտէն ծանօթանալու հայ ժողովուրդին եւ իր մշակութային ժառանգութեան:
Դեսպան Ս. Սմեսով, անդրադառնալով գործակցութեան ծաւալուն օրակարգին, ընդգծեց բոլոր ոլորտներուն մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գործակցութեան խորացման նպաստելու իր պատրաստակամութիւնը: