ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի կառավարութեան պիտի տրամադրուի 26 միլիոն եուրոյի վարկ՝ ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման արդի հիմնախնդիրներուն լուծում տալու եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման նպատակով: «Երեւան ջուր» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սերժ Փոփոֆը Սեպտեմբեր 26ին նշեց, որ վարկի տրամադրման պայմանները կը յստակեցուին:
Ըստ «Երեւան ջուր» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնին՝ վարկի տրամադրումը այս ոլորտի հիմնախնդիրներու լուծման ուղղուած ուղիներէն մէկն է: Հիմնական ֆինանսաւորումը Համաշխարհային դրամատան յատկացուցած 18 միլիոն տոլարէն եւ ջուրի սպառման վճարներէն գոյացած գումարներն են: