Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սադրանք կոչեց Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան զինուորներու փոխադրող զրահապատ մեքենաներ ուղարկելը։ Ան այս մասին ըսաւ Յունաստանէն վերադառնալու ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ գտնուող լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան՝ Էրտողան ըսաւ. «Ֆրանսա պէտք է իմանայ, որ այդպիսով ոչ թէ կ՛օգնէ, այլ կը վնասէ Հայաստանին։ Ֆրանսա նախապէս մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին։ Ի՞նչ էր արդիւնքը։ Ֆրանսա Մինսքի խմբակի անդամ է։ Անոր աշխատանքը աւարտած է, արդիւնք չկայ, սակայն այսօր Ֆրանսա դարձեալ կը սադրէ Հայաստանին։ Զինուորներու փոխադրութեան զրահապատ մեքենաներ ուղարկելը ի՞նչ պիտի տայ, ոչինչ։ Այսօր կայ Ատրպէյճանը, որ վերջ տուած է իր տարածքներու բռնագրաւման։ Ղարաբաղի մէջ արդիւնքը մեր աչքին դիմաց է։ Այս մարտական մեքենաներու ուղարկումը ի՞նչ պիտի տայ։ Նախապէս Հայաստան ուղարկուած հրասայլերը եւ հրացանները ինկած են Ատրպէյճանի ձեռքը։ Անոնք ուղղակի կը խաբեն Հայաստանը։ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է դասեր քաղեն իրենց վերջին փորձառութենէն եւ չենթարկուին այս սադրանքներուն։ Հայաստանի շահերէն կը բխի օգտուիլ խաղաղութեան հաստատման կարելիութիւններէն եւ չիյնալ թակարդը այն երկիրներուն, որոնք կ՛ապակողմնորոշեն զինք»։
Ըստ Էրտողանի՝ «Ատրպէյճանի հետ խաղաղ յարաբերութիւնները Հայաստանի համար լաւագոյն տարբերակն են», իսկ «երկիրները, որոնք Հայաստանը կը զինեն, շուտով զայն մինակ պիտի ձգտեն»։