ՓԱՐԻԶ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը երէկ հաղորդեց, թէ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, Չորեքշաբթի օր, հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցող մտաւորականներն ու քաղաքական դէմքերը իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժելի արարք նկատող օրէնքին: