ՓԱՐԻԶ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16ին յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի հետ զինուորական յարաբերութիւնները սառեցնելու որոշումը անմիջական ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ֆրանսայի վրայ:
Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Իլքէր Պաշպուղ Չորեքշաբթի օր, գրաւեալ Կիպրոսի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտարարած էր, թէ Թուրքիա-Ֆրանսա զինուորական յարաբերութիւնները սառեցուած են, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժելու առնչուող օրէնքը վաւերացնելու Ֆրանսայի խորհրդարանին որոշումին հետեւանքով:
ՆԱԹՕի ծիրէն ներս գործակցութեան կողքին, Թուրքիա զէնքեր կը գնէ Ֆրանսայէն:
ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը եւս հաղորդեց, թէ Թուրքիայէն երաշխիքներ ստացած է, թէ Անգարայի որոշումը ոչ մէկ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Պալքաններու եւ Աֆղանիստանի մէջ Թուրքիոյ խաղաղապահ գործունէութեան վրայ:
Թուրքիա նման քայլերու դիմած էր նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում շնորհած եւրոպական այլ երկիրներու դէմ: