ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Աւստրիոյ ազգային գրադարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ, Հոկտեմբեր 17ին տեղի ունեցաւ Ֆրանց Վերֆելին յետմահու Մուսա լերան պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու հանդիսութիւնը, որմէ յետոյ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ գիտաժողով:
Քաղաքացիութեան շնորհման արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեցին Աւստրիոյ գրական ընկերութեան եւ «Ֆրանց Վերֆել» յանձնախումբի նախագահը, Աւստրիոյ ազգային գրադարանի տնօրէնը եւ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան:
Գիտաժողովին բացման խօսք ուղղեց վիեննաբնակ պատմաբան, բեմադրիչ Արտեմ Օհանջանեան: Ան Հայաստանի Մուսա լեռ գիւղի եւ «Մուսա լեռ» հայրենակցական միութեան անունով Ֆրանց Վերֆելին յետմահու Մուսա լերան պատուոյ քաղաքացիութեան շնորհման պաշտօնական գիրը եւ այդ նպատակով պատրաստուած յուշամետալը յանձնեց դեսպան Յովակիմեանին, դեսպանն ալ իր կարգին զանոնք փոխանցեց Աւստրիոյ ազգային գրադարանի տնօրէնութեան, քանի որ այս հաստատութեան մէջ կը պահուին Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի բնագիրը:
Գիտաժողովի ընթացքին Ֆրանց Վերֆելին նուիրուած զեկոյցներով ելոյթ ունեցան Օհանջանեան, Գերմանահայկական ընկերութեան վարչութեան անդամ, Գերմանիոյ մէջ հրատարակուող «Հայ-գերմանական թղթակցութիւն» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Րաֆֆի Քանթեան-Քէպապճեան, աւստրիացի հայագէտ Փեթեր Շտեֆան Եունկ, Գերմանիոյ Մարթին Լուտերի անուան Հալլէ-Ուիթենպերկ համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի դասախօս, Հալլէ եւ Փոցտամ քաղաքներուն մէջ գտնուող դոկտոր Եոհաննէս Լեփսիուսի արխիւի տնօրէն Հերման Կոլց:
Գիտաժողովի աւարտին ցուցադրուեցաւ Արտեմ Օհանջանեանի նկարահանած Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» փաստավաւերագրական շարժանկարը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան մեծ թիւով աւստրիացի գիտնականներ, Վերֆելի գրական-հրապարակախօսական ժառանգութեան մասնագէտներ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերով հետաքրքրուող աւստրիացի մտաւորականներ, հայագէտներ, լրագրողներ, աւստրիահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ: