Ֆրեզնոյի Հայկական համագաղութային վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ մօտիկ ապագային Չարլի Քէյեանի անունով վերակոչուող վարժարանին հիմնարկէքը կատարուած է Կիրակի, Յուլիս 1ին, ներկայութեամբ աւելի քան 200 հոգիի ու հոգաբարձութեան անդամներու եւ կրօնապետներու:
Աշակերտական խորհուրդին կողմէ ողջոյնի խօսք ուղղեց Արլէն Փիլաւեանը, իսկ տնօրէնուհի Ռոզի Պետրոսեան կարճ պատմականով մը անդրադարձաւ դպրոցին 30ամեայ գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գործօն մասնակցութիւն բերած են վարժարանին հիմնադրութեան ու գոյատեւման աշխատանքներուն մէջ: Անոնց մէկ մասը ներկայ էր հաւաքին:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի կից Քլովիս քաղաքին մէջ նոր հողաշերտ մը գնելու եւ վարժարանին նոր շէնքը հոն կառուցելու ծրագրին իրականացման համար վերջերս 685,000 տոլար նուիրած Չարլի Քէյեանին:
Ապա, վարժարանին Ուսումնական խորհուրդը ներկայացուեցաւ ներկաներուն, եւ համայնքին հինգ հայկական եկեղեցիներու կրօնապետներուն ձեռամբ կատարուեցաւ հիմնարկէքը:
Վարժարանին հոգաբարձութեան ատենապետ Ճէրի Քութումեան ապա ներկայացուց շինարարական աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, իսկ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նէյթըն Մակսիկ ողջունեց Քլովիսի մէջ նոր վարժարան մը մէջտեղ բերելու այս աշխատանքը:
Վարժարանը յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի փոխադրուի նոր գնուած հողաշերտին վրայ զետեղուելիք ժամանակաւոր կառոյցները: Կ’ակնկալուի, որ մնայուն վարժարանին կառուցումը հինգ տարիէն ամբողջանայ: