ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդ էակի տկարութիւններուն մասնագէտը, նոյնինքն՝ մարդ էակն է: «Մարդկային տկարութիւն» հասկացութիւնը միշտ ալ քննարկման նիւթ եղած է, տան ամէնէն համեստ յարկէն սկսեալ մինչեւ բարձրագոյն դատարաններ, ուր միշտ ալ յանցաւորին յանցանքը զանազան բացատրութիւններով մեղմելու ճիգ կը կատարուի: Յատկապէս քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, ուր մարդկային իրաւունքի պաշտպան կազմակերպութիւններ այնքան աշխուժ կը գործեն, կը փորձուի կարելի եղած չափով պաշտպանել մարդ էակը, նոյնիսկ օրէնքի անունով «ճերմակ սուտեր» խօսելու պատրաստ ըլլալով:
Անչափահասներու ձեռամբ գործուած ոճիրներու համար կազմուած դատարաններուն մէջ տեղի ունեցած դատավարութիւններու ընթացքին բացայայտ երեւցող իրավիճակ է արդէն այս, երբ նոյնիսկ դիտումնաւոր եւ նախածրագրուած որոշումով մը մարդասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ անչափահաս տարիքի մէջ գտնուողին ձեռամբ, պաշտպան փաստաբանը կը յաջողի իր պաշտպանեալը խլել պատիժի ճիրաններէն, յայտնելով որ ան տակաւին չափահասութեան տարիք չէ՛ թեւակոխած: Միւս կողմէ ինչքա՜ն «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց»ներ կը թուարկուին հոգեբուժական փաստաթուղթերով, ցոյց տալու համար, որ ենթական իբրեւ թէ «մտային խանգարման» կամ «հոգեկան անկայունութեան» ցնցումներու մէջ եղած է այդ պահուն եւ «սխալմամբ» գործած է տուեալ ոճիրը:
Վերոյիշեալ դատավճիռներէն անշուշտ որ գոհ չե՛ն մնար մարդիկ եւ կը փորձեն վերադատ ատեաններու դիմելով, վերստին բանալ դատական թղթածրարները եւ այսպէս, տարիներով կ՛երկարին դատական նիստերը, երբեմն առանց գոհացուցիչ արդիւնքի մը հասնելու:
Եզրակացնելու համար վերոյիշեալ բացատրութիւնները, կրնանք ըսել, որ յաճախ մէկը արդարացնելու համար «մարդկային տկարութիւն» կը համարենք անոր գործած երբեմն նոյնիսկ ծա՛նր յանցանքը: Անշուշտ սոյն մօտեցումը կախեալ է նաեւ մեր ներողամտութեան ոգիի աստիճանաչափէն: Ոմանց ըմբռնումով «ներել»ը, նոյն սխալը կիրարկելու երկրորդ արտօնութիւն մըն է, մեր կողմէ յանցաւորին տրուած:
Մարդկային տկարութիւններու մասին մեր մատնանշած ծանր օրինակէն բացի, կան աւելի մեղմ օրինակներ, որոնք դարձեալ «մարդկային տկարութիւն»ներ են, սակայն ա՛յլ պարունակի մէջ: Օրինակ՝ գնահատուելու ջերմ զգացումը: Չնայած որ շատ դրական երեւոյթ է մարդ գնահատելը, սակայն ատոր չափազանցումը երբեմն ծիծաղելի կը դարձնէ թէ՛ գնահատողը եւ թէ՛ մանաւանդ գնահատուողը: Այս վերջիններէն ոմանք երբեմն չե՛ն հաւատար տեղի ունեցող հանդիսաւոր արարողութեան, երբ բազմամարդ խումբի մը մէջ յանկարծ իրենց անունը կը տրուի ու իրենք ոտքի կանգնելով, բոլորին ներկայութեան բեմ կը բարձրանան եւ կը գնահատուին:
Յուզումն ու հոգեկան ելեւէջող թրթիռները, գոհունակութեան ապրումները եւ մեծարուելու ցնծութիւնը այնքան երկար կը յամենան մնալ անոր հոգւոյն մէջ, որ անկարելի կ՛ըլլայ բացատրել նման մարդոց, որ գնահատանքը եւս կեանքի միւս երեւոյթներուն նման սովորական երեւոյթ մըն է: Այսինքն՝ ա՛յս եւս մահով կ՛աւարտի, ինչպէս բազմաթիւ այլ «հարստութիւն»ները այս կեանքին, եւ հանդերձեալին համար մասնաւոր առաւելութիւն մը չէ՛ պատահական գնահատանքի «թղթածրար»ը թեւի տակ ունենալը: Ընդհակառակը՝ աստուածապատուէր առաքինութիւններն են, որոնք դէպի յաւիտենութիւն ճանապարհ կը հարթեն:
Միւս կողմէ, ընդունի՛նք կամ ո՛չ, իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէկ անկիւնը շատ
փոքրիկ եւ գաղտնի տեղ մը վերապահուած է գնահատանքին: Այսինքն՝ ամէն մարդ, ինչ հանգամանքի տէր կամ ինչ տարիքի մէջ ալ ըլլայ, անպայման գնահատանք կը սպասէ, նոյնիսկ եթէ յուսադրուած ըլլայ առ Աստուած, երկնային վարձատրութեան խնդրանօք:
Այնպէս ինչպէս գնահատանքին, նոյնպէս ալ գնահատողին տարբեր տեսակները կան: Գնահատողի ամէնէն աւելի տարածուն տեսակը շողոքորթի վարքագիծով բնորոշուող տեսակն է, որ իր գնահատանքին միացած կը տեսնէ անպայման ակնկալիք մը, սպասում մը: Այստեղ երկու տարբեր տեսակի մարդիկ կ՛երեւին, իրարմէ շատ հեռու, որոնցմէ մին շողոքորթութեամբ այնքան կը մօտենայ միւսին, որ անկիւնի մէջ բռնելու կամ թակարդի մը մէջ նետելու կարողութեամբ կ՛օժտուի յանկարծ, ուրկէ փախուստ տալու հնարաւորութենէն կը զրկուի երկրորդը: Ծանօթ եմ շողոքորթ անձի մը, որ իմանալով մեծահարուստի մը առողջական վատ վիճակը, հազարաւոր մղոններով հեռու երկրէ մը հեռաձայնած էր անոր առողջութեան մաղթանքներ շռայլելու համար, իսկ հեռաձայնի ընկալուչը կախելէ առաջ, հսկայ գումար պահանջած էր, իբրեւ թէ այս կամ այն ծրագիրի յաջողութիւնը ապահովելու համար: Մարդը իր հիւանդանոցի անկողնին մէջէն խոստացած էր տալ պահանջուած մեծ գումարը, պարզապէս «անկիւնի մէջ բռնուած» ըլլալուն պատճառաւ…:
Գնահատողներու վերոյիշեալ օրինակները արդեօ՞ք իրապէս գնահատողներ են: Կը կասկածիմ: Սակայն յստակ է, որ անոնք կը գնահատեն բազմութեան ներկայութեան, երբեմն նոյնիսկ իրե՛նք գնահատանք կը ստանան հանրութենէն, ուրիշները գնահատած ըլլալու «առաքինի արարք»ին համար:
Դեռ կան չգնահատողները, որոնք ընդհանրապէս տգէտ հասարակութեան կողմէ «չար», «նախանձ», «անտարբեր» եւ այլ որակումներ կը ստանան: Ոմանք կը տագնապին ըսելով. «Այսքան տքնաջան աշխատանքիս, ո՛չ ոք կը գնահատէ զիս»: Ասոնք իրենց գործատէրերէն, աւելի հանգամանաւոր անձերէ, հասարակական գործիչներէ, մէկ խօսքով «մեծեր»էն գնահատանք կը սպասեն: Կեանքը դպրոցի համակարգ չէ՛ սակայն, ուր տնօրէնը կամ ուսուցիչը ժամանակ առ ժամանակ կը գնահատէ քեզ: Կեանքը բազմատեսակ մարդոցմով լեցուն իրականութիւն մըն է:
Իսկապէս քեզ գնահատողը, քեզ չգնահատո՛ղ մարդն է: Մեր այս հաստատումը երկիմաստ է: Առաջին իմաստը այն է, որ քեզ չգնահատող մարդը այնքան բարի է, որ չի՛ փափաքիր աշխատանքի թափդ կոտրել, յանկարծ գնահատելով քեզ…: Ան կ՛ուզէ, որ դուն անընդհատ տքնիս, աշխատիս, որպէսզի առաւել եւս յառաջդիմես: Երկրորդ իմաստը այն է, որ քեզ չգնահատող մարդը այնքան չար է, որ գիտէ քու աշխատանքին շատ մեծ գնահատանքի արժանի ըլլալը…: Ուրեմն, երկու պարագաներուն, իրարմէ տարբեր երկու գնահատողներն ալ գնահատանքի համազօր կեցուածք որդեգրեցին, որոնք երկուքն ալ լռելեայն գնահատեցին քեզ…: Բեմի վրայ կամ այլապէս քեզ ծափողջոյններու արժանացնողներէն շատեր քեզի իսկապէս գնահատողներ չե՛ն ըլլար: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ այդ պահուն վրադ կը ծիծաղին: Մինչ քեզի իսկապէ՛ս գնահատողները վերոյիշեալ երկու տեսակի մարդիկն են. մէկը որ չի՛ գնահատեր որպէսզի աշխատանքի հեւքդ չնուազեցնէ, իսկ երկրորդը ան՝ որ իսկապէ՛ս գիտէ կատարած գործիդ գնահատելի ըլլալը…:
Այս «տառապանք»ը ինչքանո՞վ կրնաս տանիլ, կամ մինչեւ ե՞րբ կրնաս տոկալ նման «անարգանք»ի, մարդու քու տեսակէն կախում ունի: Գնահատելը եւ գնահատուիլը եթէ կեանքի սովորական երեւոյթներ են, ուրեմն գէթ թող չգնահատուիլն ալ քեզի համար նոյնպէս սովորական թուի: