ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարբեր սերունդներու անդամներ ի մի եկան Կիրակի, Յուլիս 15ին կայացած յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին՝ նախաքայլը առնելով մասնաճիւղի յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն, որոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 8ին կայանալիք ձեռնարկը։
Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՄԸՄի անդրանիկը հանդիսացող Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը հաստատուած է քաղաքի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ եւ կը հանդիսանայ սկաուտական եւ մարզական ամենաաշխոյժ գործունէութիւնը մշակող ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն մէկը։
Յուլիս 15ի հաւաքին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր մասնաճիւղի երկարամեայ անդամներէն՝ Մհեր եւ Սօսի Դաւիթեան ամոլը։
Հաւաքին ներկայ էին մասնաճիւղի անցեալի եւ ներկայ վարչութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններէն ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄականներ։ Մօտաւորապէս 70 ներկաներուն մէջ էին նաեւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ռումանահայերու «Ռաֆ-ֆի» մշակութային միութեան եւ ՀՄԸՄի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամները բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն՝ անոնց ներկայացնելով իր ոսկեայ տարեդարձը տօնող մասնաճիւղի ապագայ տեսլականը։
Յիսնամեակի յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ Սթիւ Արթինեանի, ներկայացուց յիսնամեակի տօնակատարութեան ծրագիրները՝ կեդրոնանալով յատկապէս Սեպտեմբեր 8ի ճաշկերոյթին վրայ, որ տեղի պիտի ունենայ Սթուտիօ Սիթիի «Սի.Պի.Էս. Սթուտիօ Սենթըր»ի սրահին մէջ (4024 Radford Ave., Studio City, CA 91604)։
Ընդունելութիւնը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ մեծարելու ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ամենատարեց անդամը՝ 101ամեայ Ցոլակ Յովսէփեանը, որուն լամբակին ոսկեայ յատուկ շքանշան մը դրաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Օննիկ Պէրպէրեան, միաժամանակ դրուատելով Յովսէփեանի լուսանկարչական եւ համայնքային աշխոյժ գործունէութիւնը։
Հաւաքոյթին ընթացքին նաեւ յայտարարուեցան յիսնամեակի ձեռարկի սեղաններու հովանաւորներուն կամ նուիրատուներուն անունները։
ՀՄԸՄի հարիւրամեակին զուգադիպող ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յիսնամեակին նուիրուած Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8ի ձեռնարկի տոմսերուն եւ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել https://goo.gl/LR6nwY կայքէջը։