ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի «Ապագայ» կուսակցութեան մէջ կատարուեցաւ պաշտօնի բաժանում եւ յայտնի դարձան անունները այն անձերուն, որոնք ղեկավար պաշտօններ կը ստանան նորահաստատ քաղաքական ուժին մէջ։ Հրապարակուած ցանկէն յայտնի դարձաւ, որ կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն Էթիէն Մահճուպեանին վստահուած է հետազօտութիւններու, զարգացման եւ տեղեկատուութեան ոլորտներու ղեկավարութիւնը։ Յիշեցնենք, որ Մահճուպեան Տաւութօղլուի վարչապետութեան օրով նշանակուած էր վարչապետի գլխաւոր խորհրդական, սակայն աւելի ուշ հեռացուած էր պաշտօնէն։ Այդ օրերուն բազմաթիւ թերթեր պնդած էին, որ Մահճուպեան պաշտօնանկ եղած էր, որովհետեւ բացայայտ կերպով խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.