ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը կը տեղեկացնէ, թէ համագործակցութեամբ «Քոտ 3 Էյնճըլզ» հիմնարկին, անցեալ ամիս շտապ օգնութեան 500 ծրարներ եւ բժշկական այլ իրեր նուիրած է Արցախի բանակին։
Ծրարները ի մի դրուած էին Փասատինայի մէջ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւի անդամներուն կողմէ, որոնց մէկ մասը Արցախ մեկնելէ առաջ նաեւ յատուկ մարզումներ ստացած է շտապ օգնութեան սպասարկութիւններ եւ մարզումներ կատարող «Քոտ 3 Էյնճըլզ» հիմնարկին կողմէ, այդ գիտելիքները փոխանցելով արցախցի զինուորներուն։
Միւս կողմէ, արշաւը ամբողջացած է Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն նիւթապէս աջակցելու գործունէութիւնը, նպաստներ յանձնելով 7 զինուորներու:
Յիշեցնենք, որ 2016էն ի վեր արշաւը զինուորներու ընտանիքներու համար կրցած է մօտաւորապէս 150,000 տոլար օժանդակութիւն տրամադրել:
«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը 1000ական տոլար յանձնած է իւրաքանչիւր զոհուած զինուորի ընտանիքին, իսկ անոնց իւրաքանչիւր դեռահաս զաւակին համար՝ յաւելեալ 250 տոլար:
Ստորեւ 7 զինուորներուն ամփոփ կենսագրականները.
ՎԱՐԴԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ծնած էր 1997ին եւ երկարահասակ ու ֆիզիքապէս զօրաւոր պատանի եւ երիտասարդ մըն էր, որ մարզանքներու եւ յատկապէս ֆութպոլի նկատմամբ յատուկ սէր ունէր։ Ան նաեւ սիրահար մըն էր երաժշտական գործիքներու, որոնց մէջ յատուկ տեղ ունէին տուտուկն ու զուռնան։ Ան ատրպէյճանական յարձակումի մը ընթացքին սպաննուեցաւ Յունիս 16, 2017ին։
ՎԻԳԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ծնած էր 1997ին եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին կը ծառայէր Թալիշի եւ Մարտունիի ճակատներուն վրայ, առանց տեղեկացնելու իր ծնողքը։ Ան միայն 20 տարեկան էր եւ մէկ ամիսէն աւարտելու վրայ էր իր զինուորոկան ծառայութիւնը, երբ երկու այլ զինակիցներու հետ սպաննուեցաւ Յունիս 16, 2017ին, ատրպէյճանական հրթիռային յարձակումի մը ընթացքին։
ԱՐԱՅԻԿ ՄԱՐՏԻՆԵԱՆ ծնած էր 1998ին եւ Արցախի բանակին արձակազէններէն մէկն էր։ Ան աշխատասէր երիտասարդ մըն էր եւ իր հօրմէն սորված էր հողագործութեան գաղտնիքները։ Ունէր երկու եղբայրներ եւ քոյր մը, որոնց աւագն էր։ Ան Վարդան Սարգսեանի եւ Վիգէն Պետրոսեանի կողքին սպաննուեցաւ Յունիս 16, 2017ին, ատրպէյճանական յարձակումի մը ընթացքին։
ՎԱԶԳԷՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ծնած էր 1997ին եւ ծառայած է ատրպէյճանական ուժերուն հետ շփման գիծին արեւելեան կողմը։ Ան իր ընտանիքին հետ կ՛ապրէր Հայաստանի Վայոց Ձոր մարզի Հորբատեղ գիւղին մէջ եւ յետ մահու պարգեւատրուած էր «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով, Արցախի սահմանին պաշտպանութեան ընթացքին իր ցուցաբերած քաջութեան ի պատիւ։ Ան սպաննուեցաւ Յուլիս 1, 2017ին, ատրպէյճանական յարձակումի մը ընթացքին։
ՆԱՐԵԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ծնած էր 1998ին եւ Թալիշի ճակատին վրայ կը ծառայէր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին։ Ան նաեւ շատ տաղանդաւոր տհոլ նուագող մըն էր։ Մէկ ամիս մնացած էր Արցախի բանակին իր ծառայութեան աւարտին, երբ ատրպէյճանական յարձակումի մը ընթացքին սպաննուեցաւ Յունիս 17, 2017ին։
ԱՐՄԱՆ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ծնած էր 1998ին եւ շատ աշխոյժ երեխայ մը եղած է, որ միշտ կը փափաքէր արագօրէն վերջացնել իր ընելիքները։ Ան ընտանիքին միակ արու զաւակն էր եւ ունէր քոյր մը։ Ան կը սիրէր սեփական ջանքերով իրեր շինել, սակայն իր ընտանիքին համար ինքնաշարժի կանգառ մը կառուցելու սկսած իր ծրագիրը չկրցաւ ամբողջացնել, որովհետեւ Օգոստոս 14, 2017ին սպաննուեցաւ ատրպէյճանական յարձակումի մը ընթացքին։
ԱՐՏԱԿ ԲԻՇԱՐԵԱՆ ծնած էր 1991ին եւ յետ մահու պարգեւատրուած «Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով, Արցախի սահմանին պաշտպանութեան ընթացքին ցուցաբերած իր քաջութեան համար։ Հակառակ անոր, ան աւարտած էր բանակային պարտադիր ծառայութիւնը, Արտակ որոշած էր բանակին միջոցաւ սպասարկել իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին։ Անոր եղբայրը ոստիկան է։ Անոր բարեկամները կը յայտնեն, թէ Արտակ բարեսիրտ անձ մըն էր, որ միշտ պատրաստ էր օգնելու բարեկամներուն։ Սահմանին վրայ յատուկ գործողութեան մը ընթացքին ան սպաննուեցաւ թշնամիին փամփուշտներով, Օգոստոս 27, 2017ին։
2012ին հաստատուած եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի աւելի քան 80 վեթերաններուն բժշկական սպասարկութիւններ մատուցած ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել
www.withoursoldiers.com կայքը: