ԼՈՆՏՈՆ.- Ամանորի սեմին, «Պի.Պի.Սի.» լրատու գործակալութեան մարզական ծառայութիւնը ներկայացուց վերջին տասնամեակի Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին աւանդական «Պաքսինք Տէյ»ի (Արեւմտեան Ս. Ծննդեան տօնին յաջորդող օրը, Դեկտեմբեր 26) մրցումներուն ամէնէն յիշարժան դրուագները։
Այդ դրուագներուն առաջինը նկատուած է Հենրիկ Մխիթարեանի «կարիճային հարուած»ով կօլը, որ արձանագրուած էր 2016ին, երբ ան «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի մարզիկ էր։ «Պի.Պի.Սի.»ն կը գրէ, որ Մխիթարեան «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի ակումբին համակիրներուն կողմէ միշտ պիտի յիշուի իր այդ կօլին շնորհիւ, զոր այդ օրերու խումբին մարզիչը՝ Հոզէ Մորինիօն անուանած էր «ֆութպոլի գեղեցկութեան» դրսեւորում։
Նշենք, որ «Սանտըրլենտ»ի դէմ մրցումին նշանակուած Մխիթարեանի այդ անմոռանալի կօլը ընտրուած էր Անգլիոյ Դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյնը։