ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Սուրիա, Հալէպ եւ անոր Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը… Մեր ներկայ իրական կեանքէն ներս այլ երրորդութիւն մը, որուն մէջ մենք զմեզ կը փնտռենք, ամէն առիթով: Հպարտալի երրորդութիւն մը: Կրկնութեան գնով յիշեցնեմ, թէ՝
Առաջինը՝ Սուրիան, որ հարիւր տարի առաջ դարձած էր Մեծ Եղեռնէն հազիւ փրկուած հայորդիներու ապահով երդիքը, անցած հինգ տարիներուն իր գարունը եկած էր բուրումնաւէտ խօսքեր ըսելու, սակայն եղած էր ուրիշ բան: Իրականութիւն է, թէ անիկա ալ մեր հայրենիքն էր, ու նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ աւելցնեմ նաեւ, թէ հիմա հոն աշխարհը անօրինակ հունի մէջ մտած է, իսկ ժամանակն ալ դարձած է անորոշ: Հասունցած են դէպքերը, ու պատմութիւնը իր բոլոր բառերով սեւ դրօշակ պարզած ու խառնած է իր էջերը: Շանթահար եւ դաժա՛ն իրականութիւն: Նման բան յիշել եւ մտածել կարելի չէր: Երբե՛ք մեր միտքէն իսկ չէինք կրնար անցընել այդ մէկը: Բայց… Այս օրերուն, չար եւ նենգ մարդիկ, հոն Աստուած խաչի վրայ կրկի՛ն խաչած են, իսկ Փրկիչին առաքեալները՝ աշխարհի «խուլ» ձեւացող ականջներուն եւ «կոյր» աչքերուն դիմաց ռռւմբերով եւ փամփուշտներով սպաննած: Օտարներ թեւաթափ ընելէ ետք ամբողջ երկիրը, երկինքի անունով եւ Աւետարանի խօսքերով օր ցերեկով տեսակաւոր ոճիրներ գործած են եւ տակաւին կը շարունակեն գործել: Այս ձեւով, հոն կեանքը ո՛չ միայն կորսնցուցած է իր իմաստը, այլ՝ վախն ու մահը, տխրութիւնն ու սովը իրենց երկաթէ ոտքերով ճզմած են խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։
Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը:
Հապա մեր երրորդութեան երկրորդը՝ Հալէպը, որ թէեւ հեռու, սակայն շօշափելի է, եւ միաժամանակ իբրեւ մայր գաղութ տակաւին երանելի ու հաստատ իրողութիւն կը մնայ բոլորիս համար:
Հաւատացէ՛ք, Հալէպը պատմական յիշատակ չէ: Սփիւռքի մա՛յր գաղութն է: Ո՞վ է մեղաւորը, եթէ մենք չենք տեսներ այս պարզ իրականութիւնը: Հո՛ն, այս օրերուն, մեր ժողովուրդը զոհ է եւ զոհաբերող: Հեթանոս է եւ քրիստոնեայ: Մեր ազգակիցները հոն նաեւ տակաւին զոհ են աննպաստ պայմաններու եւ օտար ու արտաքին ուժերու:
Այնպէս կ՛երեւի, թէ Հալէպի մէջ հին հէքիաթի ծառէն արդէն ինկած է ոսկի խնձորը. եւ հակառակ այս սարսափելի իրականութեան, երբ ամէն անգամ առիթով մը յիշեմ ծննդավայր Հալէպս, հոգիս իր առաջին թռիչքը առնող թռչունի մը նման կը ցատկռտէ: Կ՛երիտասարդանամ: Կարծես երբեք չեմ մեկնած անոր հողերէն, միշտ կարօտը սրտիս՝ մահուան եւ անմահութեան սահմանին վրայ: Հոն պարզութիւն կար մեր կեանքին մէջ: Արուեստական բան չկար: Պատերը, փողոցներուն քարերը, թաղերը եւ տուները դեռ չպատմուած հէքիաթներ ունէին: Մեծ եւ անօրինակ խորհուրդ մը կար՝ կապուած մեր անցեալին: Դպրոց, եկեղեցի, ակումբ, դաշտ… Պարզ եւ անսեթեւեթ… Ինքնատիպ եւ նահապետական հրապոյրով պարուրուած:
Բայց… Հիմա պատմութիւնը կը շարունակէ իր վայրագ ընթացքը՝ առանց դադարի: Եւ որպէսզի երազն ու յիշատակը տեւական եւ ամուր կեանքով ապրին, կրկին բացած եմ մտքիս դռները: Ամէն վայրկեան նոր յիշատակներ կ՛արթննան մէջս, ու կը լսեմ…
Տակաւին թնդանօթներն ու ռումբերը չեն լռած: Հայու հոգին եւ մարմինը տակաւին դժուար պայքարի մէջ են: Հայութիւնը յոգնած է այս բոլորէն ու ջղային ամէնօրեայ տրոփում մը ունի իր սրտին մէջ: Քաղաքի պատերուն տակ տակաւին նստած է երկիւղը՝ գիշատիչ աչքերով: Մահը ամէն վայրկեան պատրաստ է… Պարզութիւն եւ անմեղութիւն արդէն իսկ մորթուած են:
Օ՜հ, Աստուած իմ, կը զգամ, որ ենթագիտակցութիւնս կամաց-կամաց սկսած է բանալու կորսուած յիշողութիւններուս ծալքերը:
Հալէ՜պ, կ՛ըսեմ համարձակ ու հպարտ, արմատներդ ներսս են: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս հաշտուիմ իր ներկայի այս դաժան իրականութեան հետ:
Տարիներ առաջ, զանազան պատրուակներով ու պայմաններու բերումով, մանաւանդ վարդագոյն երազներու սիրոյն ձգելով մեր մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնը՝ իրմէ հեռացած էինք, ու այս ձեւով տարածուած հատիկներու նման նոր աշխարհներու վրայ: Իրմէ բաժնուելէն կամ հեռանալէն ետք էր միայն, որ զգացած էինք մորմոքը, ու անհուն կարօտը պատած էր մեր սիրտերը: Իրեն հանդէպ մեր ունեցած սէրը միշտ պահած էինք թարմ ու պայծառ։
Հապա մեր միտքի երրորդութեան այն երրորդը, որ Ք. Ե. Ազգային Ճեմարան կը կոչուի… Ա՜խ… ի՛նչ ըսեմ: Հիմա դատարկ ու ամայի է: Մինակ է: Անմա՛րդ: Անաշակե՛րտ: Իսկ իր շուրջը՝ աւեր ու աւերակ:
Ահա՛ թէ ինչու զինք յիշելուս՝ կը զգամ տարօրինակ զգացում մը, որ անուն չունի: Գլխուս մէջ անորոշ տողեր արդէն իսկ կը սկսին երգելու: Շուրջս եւ մթնոլորտս կը լեցուին հին ու նոր դէմքերով եւ դէպքերով: Տխուր, ուրախ, հպարտալի եւ երանելի…
Դպրոցական հետաքրքրական ու պահանջող յուշեր եւ ակնարկներ կը յայտնուին եւ սովորական աղօթքի նման կը սկսին հետս խօսելու: Ամէն ինչ տեսարան է, իրական եւ մշտանորոգ, նոյնիսկ՝ երազային, թէեւ երբեմն մշուշապատ, սակայն եւ հաճելի:
Կ՛ըսեմ՝ Ճեմարա՛ն, դուն, որ հայ լեզուի ու մշակոյթի, հայ պատմութեան ու գրականութեան պաշտամունքով սնուցանեցիր խնամքիդ յանձնուած հայորդիները՝ քաղցրացնելով անոնց կեանքերը, ա՞յս պիտի ըլլար կեանքի բաժինդ: Այս վիճակով պիտի շարունակէի՞ր: Այսպէս պիտի ապրէի՞ր…
Դաժան իրականութիւնը խոցած է արդէն բոլոր երազներդ: Հեւքդ չորցած եւ կեանքիդ կշռոյթը կորսուած է:
Բայց մենք քեզ չե՛նք մոռնար: Իրաւունք չունի՛նք մոռնալու: Կը սիրենք քեզ պաշտելու աստիճան։ Մաքուր եւ մեծ… Անցեալիդ մէջ մահ չկայ, միայն՝ զոհողութիւն եւ յարգանք:
Կը զգամ, որ արդէն հին յուշերս սկսած են սիրտս լեցնելու…
Հիմա յուզիչ բան մը կայ օդին մէջ, ու մթնոլորտը լեցուն է նման արձագանգներով: Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը: Ազգային Ճեմարա՛ն, մօտդ աւանդութիւնը ձեւ չէր, այլ՝ ոգի ու տեւական կեանք, որ լոյս եւ յոյս կու տար մեր գիտակցութեան: Ահա մեր կեանքի արժեւորումը: Անոր համար, այս վայրկեանի պահը կը յուշէ նոր մտերմութիւն: Հո՛ն, քու պատերէդ ներս ո՛չ միայն ապահով, այլեւ մենք զմեզ հայ կը զգայինք ու դարձած էինք հայ միտքի եւ հոգիի հոսքի տեւական ճամբորդը:
Ամէն անգամ, երբ քեզ յիշեմ, ինծի նման նաեւ հազարաւորներ, կարծես խմբովին կը նորոգուինք, կրկին կը ծնինք, ու քեզ դարձեալ տեսնելու ցանկութիւնները կը ծնին:
Սակայն ինչո՞ւ այսքան երկար նախաբան…
Կրկին անհանգիստ ջիղ մը սկսած է տրոփելու մտքիս մէջ: Գիտեմ, որ տխուր բաներ ըսի, մատնանշեցի: Որովհետեւ…
Աւանդութեան համաձայն՝ դարձեալ ճեմարանականներս Շաբաթ երեկոյ մը հաւաքուած էինք մէկ երդիքի տակ: Մեծով, պզտիկով. հինով ու նորով, առաջին երկու շրջանաւարտներուն եւ առաջին երկու պատասխանատու-տնօրէններու զաւակին, ինչպէս նաեւ՝ ասկէ կէս դար առաջ խումբ մը շրջանաւարտներու ներկայութեամբ: Վերջապէս, բոլոր ներկաները կը պատկանէին այն սերունդին, որ երախտագիտութեամբ կը յիշէ հոգածութիւնն ու յանձնառութիւնը իր վարժարանին, որովհետեւ Ճեմարանը իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին մնացած է հաւատարիմ իր կոչումին, հայակերտ իր առաքելութեան, մարդ կերտելու իր դարբնոցի իրավիճակին եւ մանաւանդ՝ իր հիմնադիրներու ուղիին:
Ամբողջ սրահը ջերմ եւ հարազատ, բարձրաձայն եւ յաճախ անաղմուկ կը խօսէր կարօտով, կը վերյիշէր երջանկութեամբ, կարօտագին կը պատմէր ու կը կատակէր, ապա անհատնում կենացներ կը փոխանակէր՝ միաժամանակ նիւթապէս նուրիրաբերելով: Սրահի բոլոր ներկաները յիշողութեան նոյն աւազանին մէջն էին. կը լողային յոյսով եւ լաւատեսութեամբ, օրինակելի եւ հպարտանքով…
Սուրիա, Հալէպ եւ Ազգ. Ճեմարան, տակաւին կը շարունակուին ձեր չաստուածներուն կատակը, ատելութիւնն ու ջարդը: Բայց բոլորդ ալ հաւատացէ՛ք, որ ձեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, ձեզմով մտահոգ շատ մարդիկ կան. համայն հայութիւն եւ սերունդներ, որոնք ձեր ապերախտ պայմաններուն մէջ պատրաստ են ձեր աղէտէն դրոշմուած լուծը վերցնելու, թեթեւցնելու՝ ձեզի յոյս եւ լոյս մաղթելով եւ զօրաւիգ կանգնելով:
Հաւատացէ՛ք: