Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը ժամադրավայրը եղաւ առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի անդամներու, որոնք ընդառաջելով Ազգ. վարչութեան հրաւէրին, ընթրիքի սեղանի շուրջ հաճելի ու միաժամանակ օգտակար պահ մը բոլորեցին գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Երեկոյթին հիւրընկալումը յանձն առած էին Ազգ. վարչութեան անդամներէն՝ Ազգ. առաջնորդարանի շէնքի յանձնախումբի ատենապետ Վահան Պզտիկեան ու իր տիկինը՝ Նորան։ Հրաւիրուած էին մեր եկեղեցիներու հովիւները, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամները, ծխական շրջաններու հոգաբարձական կազմերը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամները, տնօրէններն ու վարիչները, ինչպէս նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի կարգ մը յանձնախումբերու անդամները։
Հանդիպումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ ժամը 8։15ին, աղօթքով։ Ողջոյնի եւ սրտի խօսքեր արտասանեցին, առաջին հերթին, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ տոկտ. Կարօ Յակոբեան։ Անոնք նշեցին, որ այս երեկոյթը պաշտօնական ժողովի մը կամ հաւաքի մը բնոյթը չունի, այլ կը նպատակադրէ ի մի բերել Ազգ. առաջնորդարանի հովանիին տակ գործողները։ Անոնք նաեւ շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան խօսք ուղղեցին առաջնորդ սրբազանին, նկատի ունենալով որ անոր կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութենէն ասդին անցած են աւելի քան 30 տարիներ, իսկ ան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արժանացած էր տասը տարի առաջ։
Խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը ու բարեմաղթութեանց համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, շեշտեց, որ այս երեկոն պերճախօս ու գործնական արտայայտութիւնն է այն հասկացողութեան, որ Ազգ. առաջնորդարանը, ծխական շր-ջաններն ու մեր վարժարանները կը կազմեն մէկ մեծ ընտանիք ու մեր հաւաքական կեանքի յառաջդիմութիւնը ուղղակի արդիւնքն է ամբողջութիւնը կազմող միաւորներուն միջեւ գործակցութեան ու հաւաքական աշխատանքի։ Ան յիշեցուց, որ յառաջիկայ տարին՝ 2008 թուականը 50րդ տարեդարձն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռին կողմէ Ամերիկայի մէջ ծառայութեան սկզբնաւորման, որ միաժամանակ կը նշէ մեր թեմի 35րդ տարեդարձը։ Վերջապէս, առաջնորդ սրբազան շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց Պզտիկեան ամոլին, որ սիրայօժար կերպով հիւրընկալեց այս երեկոյթը։
Ընթրիքի պահուն, ցուցադրուեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի շէնքի իրականացման գլխաւոր հանգրուանները ներկայացնող ժապաւէն մը։ Ապա, յաջորդաբար սրտի խօսքեր արտասանեցին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Ազգ. վարչութեան անդամներէն Կարօ Աւագեան եւ Վահան Պզտիկեան, «Վ. եւ Ա. Շամլեան» ազգ. վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեան, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան եւ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան, որոնք անդրադարձան առաջնորդ սրբազանի ծառայական կեանքին, իրագործումներուն ու բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին։
Երեկոյթին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ անգամ մը եւս գնահատեց ներկաներուն աշխատանքները, անդրադարձաւ նման հաւաքներու օգտակարութեան ու աղօթքէ ետք, ներկաները հրաւիրեց միասնաբար երգելու «Կիլիկիա»ն ու «Մեր հայրենիք»ը։