2005ին հրապարակ ելած Where the Truth Lies ժապաւէնէն ետք, կը տեղեկանանք, որ քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան սկսած է պատրաստել նոր գործ մը՝ Adoration (պաշտամունք), գործակցութեամբ Ռապըրթ Լանթոսի:
Ժապաւէնին հերոսը Թորոնթոյի մէջ երկրորդականի աշակերտ մըն է, որ կը յայտնէ, թէ ինք մօտիկ անցեալէն պատմական անձնաւորութիւն մըն է:
Ժապաւէնը կ’ուսումնասիրէ, թէ պատանիները ինչպէս կը բնութագրեն (redefine) իրենք զիրենք համացանցին վրայ:
Էկոյեան երկար հետազօտութիւններ կատարած է դպրոցներուն մէջ այս նիւթին մասին եւ ինչ որ հետաքրքրած է զինք այն է, թէ երեխաները իրարու հետ տարբեր յարաբերութիւն ունին դասարանին մէջ, քան համակարգչային բեմին վրայ: «Ինչ որ կը խանդավառէ զիս այն է, թէ սենարիոն այնքան մը «բաց» է, որ կրնամ փոփոխութիւններ կատարել, նայած թէ ինչ կը յայտնաբերենք նկարահանման պահուն. այդ մէկը ինծի համար կատարեալ կառոյցն է», կ’ըսէ Էկոյեան եւ կ’աւելցնէ, որ այդ մէկը չէ կարողացած ընել Where the Truth Lies-ի նկարահանման ատեն, որովհետեւ ոճիրի մը պատմութիւնն է, եւ գրուած է յստակ ձեւով մը. արդիւնք՝ «Նկատի ունենալով պատմութիւնն ու նիւթը, այդ ժապաւէնը առաջինն է, որ նկարահանուած վիճակին մէջ գրեթէ միեւնոյնն է, քան թուղթի վրայ»:
Adoration-ի նկարահանումը պիտի սկսի 17 Սեպտեմբեր 2007ին Թորոնթոյի մէջ: Ժապաւէնին ծախսը մօտաւորապէս 5 միլիոն տոլար է: Jennifer Weiss եւ Simone Urdl of Film Farm (Away from Her) պիտի արտադրեն այս ժապաւէնը, մինչ Լանթոս պիտի ըլլայ վարիչ արտադրողը (executive-producer): Telefilm Canada-ն յատկացում կատարած է բեմագրութեան պատրաստութեան հանգրուանին, սակայն յայտնի չէ, եթէ պիտի մասնակցի արտադրութեան ծախսերուն:
Adoration-ը Օսքար մրցանակի թեկնածու Էկոյեանի 11րդ լիամեթրաժ ժապաւէնը պիտի ըլլայ եւ 7րդը, որ կ’իրագործուի Serendipity Point Films-ի տէր Ռապըրթ Լանթոսին հետ գործակցաբար. Լանթոս Էկոյեանի այս նորագոյն ժապաւէնը պիտի տարածէ իր հիմնած ցրուումի նոր ընկերութեան միջոցաւ: