ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանը երէկ աւարտեց նախորդ օր սկսած «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ առաջադրող օրինագծին, ինչպէս նաեւ կից ներկայացուող «Զինապարտութեան մասին» օրէնքին մէջ եւ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ, քրէական ու ընտրական օրէնսգիրքերու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու նախագիծերու քննարկումները:
Ներկայացուած օրէնսդրական թղթածրարին մասին պատգամաւորները ելոյթներ ունեցան, խմբակցութիւնները ներկայացուցրին իրենց դիրքորոշումները:
«Արդարութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան դրական համարելով նախագիծը, մտահոգութիւն յայտնեց ընտրելու իրաւունքի կապակցութեամբ: Ըստ անոր՝ «հայի բախտը պէտք է տնօրինի Հայաստանի ժողովուրդը»: Առաջարկուող փոփոխութիւնները, որ երկքաղաքացիները կրնան մասնակցիլ հայաստանեան ընտրութիւններուն միայն Հայաստանի մէջ, ըստ անոր, վտանգ կը պարունակեն եւ կրնան հնարաւորութիւն ստեղծել, որպէսզի Չաւախքի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայութիւնը, ձեռք բերելով երկքաղաքացիութիւն, ազդեցութիւն ունենայ Հայաստանի ընտրութիւններուն վրայ: Ըստ անոր՝ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքը պէտք է տրուի միայն մնայուն կերպով Հայաստան բնակող քաղաքացիներուն:
ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան ընդունելով, որ ներկայացուած թղթածրարին մէջ կան «ակնյայտ կիսատ-պռատութիւններ», անդրադարձաւ արտայայտուած մտահոգութիւններուն: Վ. Յովհաննիսեան ի մասնաւորի ըսաւ. «Եթէ Հայաստանի 3 միլիոնանոց բնակչութիւնն այդքան անտարբեր է իր ճակատագրի նկատմամբ, որ այն կարող է լուծուել դրսից, ուրեմն պէտք է լուծուի դրսից. եղէք աշխոյժ, եւ մի թոյլ տուէք, որ ձեր փոխարէն ինչ-որ մէկը քուէարկի»: Ան շինծու համարեց նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններու վրայ նախագիծի՝ ազդեցութիւն ունենալու մասին մտահոգութիւնը, նկատելով, որ նոյնիսկ օրէնքը որդեգրելու պարագային, մինչեւ ընտրութիւնները մարդիկ հազիւ կարենան ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալ:
ԱԺ փոխնախագահի կարծիքով, ապահովութեան սպառնացող վտանգները միշտ կան եւ պէտք չէ պայմանաւորել երկքաղաքացիութեամբ: Օրէնքի կարեւորութիւնը հաշուի առնելով, ան առաջարկեց զայն առաջին ընթերցմամբ ընդունել եւ մինչեւ երկրորդ ընթերցում՝ ճշգրտումները կատարել:
ՄԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Գուրգէն Արսէնեան նշեց, որ իրենց համար առաջնահերթ է Հայաստանի ժողովուրդի իրաւունքը: Ըստ անոր, նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր եւ նախարարներ ըլլալու իրաւունք պէտք է ունենան բացառապէս ՀՀ քաղաքացիները: ՄԱԿը թեր կը քուէարկէ օրինագիծին, եթէ պահպանուին նշուած սահմանափակումները:
«Օրինաց երկիր» խմբակցութենէն Յովհաննէս Մարգարեան առաջարկեց փաթեթը աճապարանքով չքննարկել, սպասել, եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ նախագիծի վեաբերեալ լայն, հանրային քննարկումններ կատարել:
ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան յետաձգելու առաջարկը անտեղի համարելով ըսաւ, որ Մարտէն ետք, թերեւս, խորհրդարանը նիստեր չգումարէ:
Հիմնական զեկուցաբեր, արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ եթէ խորհրդարանը թեր քուէարկէ օրինագծին, այդ կ’ըլլայ կարեւոր քայլ՝ վերականգնելու ոչ միայն պատմական անարդարութիւնը, այլեւ ստեղծելու ՀՀ քաղաքացիներու նոր հանրութիւն, աւելցնելու ՀՀ քաղաքացիներու թիւը, որ երկրի հզօրութեան ցուցանիշ է: